Դիլիջանի Միջազգային Դպրոցի Կառուցման Առաջին Փուլին Ծաւալը՝ 85 Միլիոն Տոլար

By Asbarez | Tuesday, 22 November 2011

ՏԱՒՈՒՇ.- Հայաստանի փոխվարչապետ, տարածքային կառավարման նախարար Արմէն Գէորգեան, Նոյեմբեր 22ին աշխատանքային այցով մեկնեցաւ Տաւուշի մարզ, եւ մարզպետ Ա. Ղուլարեանի, ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու փոխնախարար Լ. Շահվերդեանի եւ այլ պատասխանատուներու ուղեկցութեամբ, ան նախ այցելեց Դիլիջանի միջազգային դպրոցի շինարարական հրապարակ ու ծանօթացաւ կատարուող աշխատանքներու ընթացքին:

Դպրոցի շինարարութեան ծրագիրի առաջին փուլը, որուն ծաւալը կը կազմէ 80-85 միլիոն տոլար, արդէն իսկ մեկնարկած է այս ամրան, եւ աշխատանքները կ՛ընթանան ժամանակացոյցին համապատասխան:

Դիլիջանի մէջ Ա. Գէորգեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ «Արմէնիա ինֆօ» տեղեկատուական կայանի կառավարման համակարգի շնորհահանդէսին, որուն կը մասնակցէին նաեւ Ազգային վիճակագրական ծառայութեան նախագահ Ս. Մնացականեան, ՄԱԿի մանկական հիմնադրամի հայաստանեան ներկայացուցիչ Հ. Ահրենս, Լոռիի եւ Տաւուշի մարզպետները ու պաշտօնատար այլ անձինք: Համակարգը մշակուած է Ազգային վիճակագրական ծառայութեան կողմէ՝ ՄԱԿի Զարգացման ծրագիրին աջակցութեամբ:

Փոխվարչապետը այնուհետեւ մեկնեցաւ Իջեւան եւ մարզպետարանին մէջ խորհրդակցութիւն ունեցաւ Տարածքային կառավարման նախարարութեան ու մարզպետարանի պատասխանատուներուն մասնակցութեամբ:

comments