By Asbarez | Friday, 19 August 2016

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ - Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ ներկայացուած 5 խմբակցութիւններէն 2ը կողմ են սահմանադրական փոփոխութիւններու հայեցակարգով առաջարկուած՝ նախագահական ձեւին անցում կատարելու դրութեան, 2ը՝ դէմ, իսկ 1ը՝ վերապահութիւններ ունի ներկայացուածին վերաբերեալ:
Կիսանախագահական ձեւէն նախագահական ձեւին անցում կատարելու տարբերակին կողմ են Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ մեծամասնութիւն կազմող <<Ժողովրդավարութիւն>> ու <<Հայրենիք>> խմբակցութիւնները: Դէմ են՝ <<Դաշնակցութիւն>> ու <<Վերածնունդ>> խմբակցութիւնները, իսկ <<Շարժում-88>>ը թէեւ կողմ է կառավարման կիսանախագահական համակարգին, բայց ներկայացուած տարբերակին ալ կտրականապէս դէմ չէ՝ որոշ վերապահութիւններով:
<<Թերթ>>ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան ըսաւ, որ առաջարկուած տարբերակը նախագահական կեդրոնացուած համակարգ է եւ դէմ է Դաշնակցութեան սկզբունքներուն եւ պահանջներուն: Ուստի ՀՅԴն, Իշխանեանի փոխանցումով, դէմ է առաջարկուող հայեցակարգին:
<<ՀՅԴն իր տեսակէտը վաղուց ներկայացուցած է: Մենք կողմ ենք խորհրդարանական ձեւին եւ ներկայացուցած ենք նման հայեցակարգ>>, ըսաւ Դաւիթ Իշխանեան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէն ինչպէ՞ս իր անհամաձայնութիւնը պիտի դրսեւորէ, Իշխանեան ըսաւ, որ հարցը քննարկման ընթացքի մէջ է: Պատգամաւորը շեշտեց, որ Հայաստանի մէջ Դաշնակցութիւնը սկզբունքօրէն կողմ եղած է եւ պաշտպանած է խորհրդարանական կառավարման ձեւը, եւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէն չի կրնար այլ տեսակէտ ունենալ:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ