Նախագահ Սահակեան ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչներուն հետ քննարկած է քաղաքական հարցեր

By Asbarez | Friday, 19 August 2016



ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, <<Ապառաժ>> - Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 18 Օգոստոսին ընդունած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանն ու ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնաժողովի անդամ Արմէն Ռուստամեանը:

Հանդիպման, որուն կը մասնակցէին նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան եւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան, արծարծուած են հանրապետութեան ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան առնչուող հարցեր:

 

comments