Վարչապետը յանձնարարած է  30 տոկոսով կրճատել գործուղուողներու թռիչքներու յատկացումները

By Asbarez | Friday, 19 August 2016

0819gov

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան յանձնարարած է 2016ի պետական պիւտճէն 30 տոկոսով կրճատել գործուղումներու թռիչքի տոմսերու  յատկացուող միջոցները:

2016ին Հայաստանի գերատեսչութիւնները գործուղումներու համար պիտի ծախսեն 141.5 միլիոն դրամ: Ծախսերուն առաւելագոյն սահմանը ճշդուած է 18 Օգոստոսի կառավարութեան նիստին։

Որոշման նախագիծը ներկայացուցած է Հայաստանի ելեւմուտքի փոխնախարար Ատոմ æանջուղազեանը:

Գործուղումներու համար ամէնէն աւելի կը ծախսէ ոստիկանութիւնը՝ 50 միլիոն դրամ: Ելեւմուտքի նախարարութիւնը կը ծախսէ 16.5 միլիոն դրամ, փոխադրութեան եւ կապի  նախարարութիւնը՝ 15 միլիոն դրամ, Պետական եկամուտներուն կոմիտէն եւ արտաքին գործոց նախարարութեան <<Պետական արձանագրութիւնների ծառայութիւնը>>՝ 10ական միլիոն դրամ, աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութիւնը՝ 7 միլիոն դրամ: Մշակոյթի նախարարութիւնը կը ծախսէ 6.2 միլիոն դրամ, գիւղատնտեսութեան նախարարութիւնը ու բնապահպանութեան նախարարութիւնը՝ 5ական միլիոն, մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութիւնը՝ 4 միլիոն, ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարարութիւնը՝ 3.7 միլիոն եւ կրթութեան ու գիտութեան նախարարութիւնը՝ 3.6 միլիոն դրամ:

 



comments