Քաղաքացիներն առանց միջնորդի կը կարողանան ներմուծում ու արտահանում իրականացնել - Ա. Մինասեան

By Asbarez | Friday, 19 August 2016

 

0819ardzvig

ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>> - Կառավարութիւնը 18 Օգոստոսին համաձայնութիւն տուաւ <<Մաքսային կարգաւորման մասին>> Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքին մէջ փոփոխութիւն եւ լրացումներ կատարելու մասին Հայաստանի օրէնքի նախագիծին եւ զայն ուղարկեց Ազգային ժողով:

Նախագիծը պատրաստուած էր Ազգային ժողովի պատգամաւոր Էդմոն Մարուքեանի եւ կառավարութեան առաջարկով:

Անդրադառնալով այս օրէնքին, լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին տնտեսութեան նախարար Արծուիկ Մինասեան յայտնած է, որ բազմաթիւ քաղաքացիներ, որոնց կարգին փոքր եւ միջին գործառնութիւններու ներկայացուցիչներ, մնայուն կերպով հարց բարձրացուցած են այն մասին, որ իրենք ապրանքներ արտածելու կամ ներածելու ատեն ստիպուած կ՛ըլլան կատարել վճարումներ, որոնք, որպէս կանոն, քանի մը անգամ աւելի բարձր են, քան գոյքին արժէքը:

<<Օրինակ՝ եթէ քաղաքացիները կատալոգներ են ներմուծում, որի արժէքը 5000 դրամ է, ստիպուած են լինում 6000 դրամ վճարել մաքսավճարի համար, բացի այդ՝ նրանք ստիպուած են կատարել մի շարք այլ վճարումներ, ներառեալ՝ մաքսային ներկայացուցչի կամ, այսպէս կոչուած, բրոքերի ծառայութիւնից օգտուելու համար, որոնք տատանւում են 10-15 հազարի սահմաններում>>, յայտնած է նախարարը:

Մինասեան նշած է, որ այս հարցը բաւական լուրջ է փոքր ու միջին գործառնութիւններու պարագային՝ աւելորդ վճարումներ կատարելու, ինչպէս նաեւ առանձին վարչարարական ընթացակարգերու մէջ ներգրաւուելու առումով: Անոր համաձայն՝ կարգ մը պարագաներու քաղաքացիները ստիպուած կ՛ըլլան դիմել մաքսային ծառայութեան, մինչդեռ ազգային օրէնսդրութիւնը կրնայ նախատեսել, որ քաղաքացիները կամ տնտեսվարողները ինքնայայտարարագրման եղանակով, առանց որեւէ ծառայութենէ օգտուելու կատարեն ներածում եւ արտածում։

Ըստ նախարարին՝ օրէնքի փոփոխութիւնը էականօրէն պիտի դիւրացնէ տնտեսվարողներուն եւ քաղաքացիներուն գործը:

Մինասեանի համաձայն՝ նախագիծը, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի ընդունուի Ազգային ժողովի աշնանային նստաշրջանին: <<Որքան շուտ ընդունուի օրէնքը, այնքան լաւ>>, դիտել տուած է ան։

 



comments