Ապրիլեան դէպքերից յետոյ պէտք է վերանայուի նաեւ մասնագիտութիւնների ցանկը - Նախարար Մկրտչեան

By Asbarez | Saturday, 20 August 2016

0820levon

ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>> - 19 Օգոստոսին Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան հանդիպում ունեցած է նախնական եւ միջին մասնագիտական ուսումնական հաստատութիւններու տնօրէններուն հետ՝ իբրեւ վերամուտի նախորդող խորհրդակցական տեսակցութիւն։ Նախարարը դիտել տուած է, որ քննարկումի առանցքը կը հանդիսանան ուսումնական հաստատութիւններուն դիմագրաւած խնդիրները եւ այն հարցերը, որոնց նկատմամբ պէտք է ուշադիր ըլլալ։

<<Միջին մասնագիտական մասնագիտութիւնների ցանկը երկրում պէտք է շատ կարեւոր ֆունկցիա կատարի, այն պէտք է կարողանայ մեր բնակչութեան կապն ապահովել աշխատաշուկայի հետ: Ոլորտում խնդիր կայ մասնագիտութիւնների հարցում, քանի որ ուսանողներն աւարտելուց յետոյ չեն կարողանում աշխատաշուկայում գտնել աշխատանք, եւ քոլեջները յաճախ սկսում են ծառայել դէպի բուհ անցումային փուլին եւ ոչ թէ առանձին մասնագիտական որակ են տալիս>>, ըսած է նախարարը:

Միջին մասնագիտական կրթութեան ոլորտի հզօր խաղաքարտը, ըստ անոր, այն է, որ երիտասարդը, երկու տարի ուսանելով կը տիրապետէ  մասնագիտութեան, որուն միջոցով ալ աւելի ուշ կը կայանայ աշխատաշուկային մէջ: <<Մեր ժողովրդի մէջ կայ մի մտածողութիւն, թէ կրթութիւնը պէտք է լինի արագ, անընդհատ ու շարունակական,  եւ պարտադիր կրթութեան մէջ նոյնիսկ մագիստրատուրան են մտցրել հիմա: Միջին մասնագիտականների համար շատ կարեւոր է, որ իրենք համոզմունք ունենան, որ աւարտական ձեւաչափ են ստանում, իսկ ուսանողը պէտք է կեանքում իրեն փորձեն, եւ եթէ փորձի ժամանակ զգայ, որ ունի բարձրագոյն կրթութեան կարիք, նոր միայն կարող է բակալաւր կամ եւս մէկ աստիճան աւելի բարձր սովորել>>, նշած է Մկրտչեան:

Ըստ անոր՝ պէտք է կարենալ աշխատիլ նաեւ աշխատաշուկային հետ, հակառակ այն հանգամանքին, որ երկրի աշխատաշուկան ձեւաւորման բարդ գործընթացի մէջ է: Սակայն, նախարարին համաձայն, գոնէ այն ոլորտներուն մէջ, ուր աշխատաշուկան կայացած է, պարտաւոր ենք կապը հզօրացնել:

Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարը շեշտած է, որ ապրիլեան դէպքերէն ետք պէտք է վերատեսութեան ենթարկել նաեւ մասնագիտութիւններուն ցանկը: <<Այս ընթացքում հասկացանք, որ միջին մասնագիտական կրթութեան մէջ երկակի մասնագիտութիւնները շատ կարեւոր են, օրինակ՝ հրետանու, տրակտորիստի մասնագիտութիւնները: Երիտասարդները, որոնք զօրակոչւում են բանակ, պէտք է աւելի խորը գիտակցուած մասնագիտական կրթութիւն ունենան, յատկապէս՝ զրահատեխնիկային տիրապետելու համար>>, ըսած է նախարարը:

 

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement