Moody’s-ը Բացասական Կը Գնահատէ Հայաստանի Պարտքի Սպասարկման Հեռանկարները

By Asbarez | Tuesday, 22 November 2011

 

 

ԼՈՆՏՈՆ.- Նոյեմբեր 21ին, Լոնտոնի մէջ հրապարակուած յատուկ զեկոյցով մը, միջազգային հեղինակաւոր գործակալութիւններէն մէկը՝ Moody’s-ը, Հայաստանի պետական պարտքի սպասարկման հեռանկարները բացասական գնահատած է:

Գործակալութիւնը Հայաստանի տնտեսական վարկանիշը իջեցուցած է Ba2-ի, այսինքն, եթէ նախապէս անիկա կայուն կը գնահատուէր, ապա այժմ այդ վարկանիշը միանշանակօրէն բացասական է:

Այս քայլին հիմնական պատճառները, ըստ գործակալութեան մանագէտներուն, Հայաստանի արտաքին առեւտրային գործընկեր պետութիւններուն մէջ տիրող վիճակն ու համաշխարհային շուկային մէջ մետաղներու գիներու սպասուող անկումն են:

«Հայաստանի տնտեսութիւնը կը շարունակէ մնալ խոցելի վիճակի մէջ: Կ՛ակնկալուի, որ յառաջիկային, Հայաստանի հիմնական գործընկերները՝ Ռուսիան ու Եւրոպան, տնտեսական աճի դանդաղացման բախին», կը նշեն Moody’s-ի մասնագէտները:

Գործակալութեան մասնագէտները նաեւ կը նշեն, որ Հայաստանի տնտեսական կացութեան վրայ կրնայ ազդել Ռուսիոյ մէջ սպասուող տնտեսական անկայունութիւնը:

«Թէեւ յառաջիկայ երկու տարիներուն գործակալութիւնը որոշ համեստ աճ կ՛ակնկալէ, այնուհանդերձ, առկայ վտանգները շատ նշանակալի են, յատկապէս եթէ հաշուի առնենք համաշխարհային տնտեսութեան աճի բացասական հեռանկարները», կ՛ամփոփեն Moody’s-ի մասնագէտները:

comments

Advertisement