Դատարանը որոշեց Դաւիթ Սանասարեանը ազատ արձակել՝ երաշխագինով 

By Asbarez | Saturday, 20 August 2016

 

0820sanasarian

ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>> - Վերաքննիչ քրէական դատարանը 19 Օգոստոսին որոշում տուած է 1.5 միլիոն դրամ երաշխագինով ա-զատ արձակել Յուլիսին զանգուածային անկարգութիւններու կազմակերպումով մեղադրուող, Երեւանի աւագանիի <<Բարեւ Երեւան>> դաշինքի անդամ Դաւիթ Սանասարեանը: <<Երկիր>>ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս տեղեկութիւնը հաստատած է Սանասարեանի փաստաբանը՝ Արա Ղարագէօզեան: Անոր համաձայն՝ երաշխագինը վճարելէ եւ համապատասխան գործընթացէ ետք Սանասարեան ազատ պիտի արձակուի <<Նուբարաշէն>> բանտէն:

 


comments