Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան օրուան առիթով ՀՅԴն պիտի կազմակերպէ զօրակցական հաւաք

By Asbarez | Tuesday, 23 August 2016

Սեպտեմբերը տօնական եւ յոբելենական է հայկական զոյգ պետութիւններուն համար: Մինչ 21 Սեպտեմբերին պիտի նշուի Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնման 25ամեակը, ամսուան սկիզբը կ՛ամբողջանայ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան հռչակման քառորդ դարը:

2 Սեպտեմբեր 1991ին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը հռչակեց իր անկախութիւնը, որ արդէն 10 Դեկտեմբերին ամրագրուեցաւ համաժողովրդական հանրաքուէով:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան 25ամեակին առիթով, <<Յանուն Արցախի անկախութեան եւ միասնութեան>> կարգախօսին ներքեւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, 2 Սեպտեմբերին Օփերայի դահլիճին մէջ պիտի կազմակերպէ զօրակցական հաւաք, որուն ընթացքին քաղաքական պատգամներու հետ միասին պիտի ըլլայ ազգային-յեղափոխական երգերու համերգային ծրագիր:

 

comments

Advertisement