Կիսամեայ դրութեամբ  Հայաստան ունեցած է արտածման բարձրագոյն ցուցանիշը

By Asbarez | Friday, 26 August 2016

0826ardzvig

ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>> - 2016ի առաջին կիսամեայ դրութեամբ Հայաստան ունեցած է վերջին 10 տարուան ընթացքին արտածման բարձրագոյն ցուցանիշը՝ շուրջ 168 միլիոն տոլար: 25 Օգոստոսին, կառավարութեան նիստէն ետք, լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Արծուիկ Մինասեան:

<<Կիսամեակային կտրուածքով նման ցուցանիշ մենք չենք ունեցել վերջին 10 տարիների ընթացքում, ամենաբարձրը՝ 143 միլիոն դոլարը, եղել է 2013ին, այժմ մենք, փաստօրէն առաջին կիսամեակում շուրջ 25 միլիոն դոլարով աւելի մեծ արտահանման ծաւալ ունենք, ինչը լաւատեսութիւն է ներշնչում>>, յայտնած է ան:

Նախարարը նկատել տուած է, որ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութեան առաջին ժամանակաշրջանին անորոշութիւնը մեծ էր՝ արտածման ընթացակարգերու ոչ ճշգրիտ ընկալման, յատուկ պարագաներու վարչարարական խոչընդոտներու առկայութեան եւ այլ հարցերու առնչուող։ Սակայն ներկայիս, ըստ անոր, այդ բոլորը աստիճանաբար կը յաղթահարուին եւ յառաջիկային կ՛ակնկալուի, որ ալ աւելի կը բարձրանայ արտածման աճի կշռոյթը դէպի ԵՏՄ տարածք, յատկապէս՝ Ռուսիա:

Նախարարին համաձայն՝ ներկայիս Մոսկուայի մէջ բաւական աշխոյժ կերպով կը կատարուի հայկական ապրանքներու վաճառք-ցուցահանդէսը: <<Մեր առեւտրային ներկայացուցիչը համապատասխան յանձնարարական է ստացել՝ Մոսկուայից զատ այլ քաղաքներում նոյնպէս նման վաճառքի կէտեր ստեղծելու համար, ինչն այսօր՝ ներկայիս տնտեսութեան պայմաններում բաւական նախընտրելի տարբերակ է>>, յայտնած է ան՝ նշելով, որ կ՛ընդլայնուի նաեւ այլ երկիրներու հետ առեւտրաշրջանառութիւնը:

<<Այս ամէնը խօսում է այն մասին, որ մենք աստիճանաբար սկսում ենք աւելի խորութեամբ ընկալել ԵՏՄի տուած հնարաւորութիւնները եւ աւելի ակտիւ օգտագործել առկայ գործիքները, մենք բազմաթիւ հնարաւորութիւններ ունենք, որոնք պէտք է կիրառենք, ի հարկէ, չմոռանալով ԵՏՄից դուրս այլ երկրների՝ յատկապէս Միացեալ Նահանգների հետ մեր առեւտրային յարաբերութիւնների մասին>>, դիտել տուած է նախարարը։

 



comments