ՀՅԴ Թեհրանի Պատանեկան Միութեան անդամներու բանակում Արցախի եւ Հայաստանի մէջ

By Asbarez | Friday, 26 August 2016

0826juniors

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, <<Ապառաժ>> - Մայր հայրենիքի կարօտի կանչին հետեւելով՝  ՀՅԴ Թեհրանի <<Քրիստափոր Միքայէլեան>> պատանեկան միութեան պատանիները Արցախի մէջ կը մասնակցին իրենց համար կազմակերպուած բանակումին։

Բանակումի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը կայացած է Արցախի հորոս Բեկորի (Աշոտ Ղուլեան) յիշատակ օրը ու անոր յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին մօտ՝ ներկայութեամբ Թեհրանի, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Արցախի կառոյցի անդամներուն:

Ողջոյնի խօսքին մէջ ՀՅԴ Արցախի կառոյցի անդամ Լեռնիկ Յովհաննիսեան նշած է, որ կարեւորը այն չէ, թէ հայը ո՛ւր կ՛ապրի՝ Թեհրան, Սպահան, Պէյրութ թէ Լոս Անճելոս, այլ կարեւոր է այն, որ մենք միասնական ենք, իսկ բոլորը միաւորողը ինքնին Դաշնակցութիւնն է:

Բանակումը պիտի տեւէ 8 օր, որուն երեք օրը՝ Արցախի մէջ: Պատանիները պիտի այցելեն պատմամշակութային վայրեր եւ շարք մը հանդիպումներ պիտի ունենան Ղարաբաղի մէջ: Այնուհետեւ բանակումը պիտի շարունակուի Երեւանի մէջ:

Յիշեցնենք, որ ասիկա ՀՅԴ Թեհրանի <<Քրիստափոր Միքայէլեան>> պատանեկան միութեան նախաձեռնած երկրորդ բանակումն է Արցախի մէջ:

 



comments