Կառավարութեան ներկայացուած է քառօրեայ պատերազմի զոհերու ընտանիքներուն օժանդակելու ծրագիրը

By Asbarez | Friday, 26 August 2016

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին ընթացքին զոհուած ընտանիքներու ընկերային հարցերուն լուծման վերաբերող ծրագիրը կը գտնուի կառավարութեան մօտ, քննարկուած է բոլոր շահագրգիռ գերատեսչութիւններուն հետ, անցած է անհրաժեշտ ընթացակարգերը:

Այս մասին կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Արծուիկ Մինասեան:

<<Կառավարութեան առաջիկայ նիստերից մէկում այդ ծրագիրը կ՛ընդունուի. սրա հիմնական նպատակն է լինելու սեփական բիզնես նախաձեռնութիւններ ունեցող ընտանիքներին բացայայտելը>>, ըսած է ան։

Մինասեանի համաձայն՝ աջակցութիւն պիտի ցուցաբերուի բոլոր ուղղութիւններով՝ թէ՛ մասնագիտական վերապատրաստութիւն, թէ՛ նիւթական աջակցութիւն, թէ՛ յատուկ պարագաներու գործառնութեան վերաբերող ընկերակցութիւն, եւ թէ իրաւական խորհրդատուութիւն:

<<Արուելու է ամէնը, որ այս ընտանիքները չունենան իրենց բիզնեսն առաջ մղելու խնդիր>>, յայտնած է նախարարը՝ աւելցնելով, որ ծրագիրը պիտի գործէ այնքան ատեն որ կան նման ընտանիքներ:

 

comments