Ապրիլեան պատերազմը ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ ռազմական հաստատութիւններ դիմողներուն վրայ

By Asbarez | Saturday, 27 August 2016

0827institutes

ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>> - Ապրիլեան պատերազմէն ետք Հայաստանի զինուորական տարբեր ուսումնական հաստատութիւններ դիմողներուն թիւը չէ նուազած, գրեթէ պահպանուած է նախորդ տարիներուն ցուցանիշը։ 26 Օգոստոսին լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան <<Կադրերի եւ ռազմական վարչութեան>> Հայաստանի եւ արտասահմանեան երկիրներու ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ մարդուժի պատրաստութեան բաժինի պետ, գնդապետ Սուրէն Դաւթեան:

Նշենք, որ այս տարի Հայաստանի բարձրագոյն ուսման տարբեր կառոյցներու մէջ ռազմամասնագիտական ուսումնառութիւն ստանալու նպատակով դիմած է 118 հոգի, ատակ նկատուած է 83:

Սուրէն Դաւթեանի համաձայն՝ տարուէ տարի կ՛աւելնայ պաշտպանութեան նախարարութեան պատուէրով Հայաստանի տարբեր ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ պատրաստուող մասնագէտներուն թիւը: Ի դէպ, այս տարի Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական համալսարան ընդունուած է  իգական սեռի 11 ներկայացուցիչ:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մարշալ Արմենակ Խանփերեանցի անուան ռազմական օդանաւորդութեան համալսարան դիմած է 160 անձ, որոնց թիւը բժշկական հետազօտութենէն ետք կրճատուած է: Ուսումնարանի ուսումնական եւ գիտական աշխատանքներու գծով պետի տեղակալ, գնդապետ Դաւիթ Ալեքսանեանի համաձայն՝ այս տարի Խանփերեանցի անուան ռազմական համալսարան դիմած է  իգական սեռի 4 ներկայացուցիչ:

 



comments