Նախագահ Սարգսեան - Անբնական է, երբ մարդիկ կամ կազմակերպութիւններ կը փորձեն պղտորել մարդոց գիտակցութիւնը

By Aztag Daily | Monday, 29 August 2016



27 օգոստոսին նախագահ Սերժ Սարգսեան աշխատանքային այցելութեամբ մեկնած է Գեղարքունիքի եւ Կոտայքի մարզեր, կը տեղեկացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը:

Հանրապետութեան նախագահը հիւրընկալուած է երիտասարդ ճամբարականներու Երկրապահ կամաւորականներու միութեան  ուսումնամարզական եւ հանգիստի <<Երկրապահ>> համալիրին եւ <<Սթարթափ Արմենիա>> համաժողովի վրանային ճամբարին մէջ: Նախագահ Սերժ Սարգսեան այցելած է նաեւ <<Բազէ-2016>> համահայկական երիտասարդական հաւաքի մասնակիցներուն:

Երկրապահի երեք սերունդի` պատանի, երիտասարդ եւ աւագ երկրապահներու համար 2015-էն ի վեր գործող ուսումնամարզական եւ հանգիստի համալիր այցելութեան ընթացքին նախագահ Սերժ Սարգսեան շրջած է վրանային ճամբարին մէջ, ծանօթացած է  երկրապահներու ճամբարային առօրեային եւ պայմաններուն: Նախագահը շնորհաւորած է երկրապահները` ուսումնամարզական հաւաքները յաջողութեամբ կազմակերպելու առիթով: Նախագահ  Սարգսեան ծանօթացած է ճամբարի տարածքին կատարուած աշխատանքներուն եւ դասընթացքներուն: Հանրապետութեան նախագահին զեկուցուած է, որ 30 մայիսէն <<Երկրապահ>> համալիրին մէջ  սկսած ուսումնամարզական հաւաքը ընդունած է 13 հերթափոխ` Հայաստանի բոլոր մարզերէն, Երեւան քաղաքէն, Արցախի բոլոր վարչական շրջաններէն եւ սփիւռքէն: Ճամբարը ընդունած է նաեւ ընկերային մակարդակի վրայ անապահով ընտանիքներու պատանիներ:

Նախագահ Սերժ Սարգսեանն այնուհետեւ այցելած է <<Սեւան>> ազգային զբօսայգիի տարածքին մէջ կազմակերպուած <<Սեւան Սթարթափ>> երիտասարդական կրթական ֆորումի վրանային ճամբարը: 18-էն 28 օգոստոսին <<Սթարթափ Արմենիա>> գիտակրթական հիմնադրամին  կողմէ կազմակերպուած հաւաքին այս տարի կը մասնակցէին 350 երիտասարդներ` Երեւանէն, հանրապետութեան մարզերէն եւ սփիւռքէն: Նախագահը ծանօթացած է ճամբարականներու պայմաններուն, տեղի ունեցած տարաբնոյթ ձեռնարկներուն, համաժողովի մրցումին յաղթող մասնակիցներու նախագիծերուն, դիտած համաժողովին մասին պատմող տեսանիւթը:

Կոտայքի մարզ աշխատանքային այցելութեան շրջագիծին մէջ հանրապետութեան նախագահը Ծաղկաձորի մէջ երեկոյեան այցելած է Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամի կազմակերպած <<Բազէ-2016>> համահայկական երիտասարդական հաւաքի մասնակիցներուն: 22-էն 28 օգոստոսին տեղի ունեցող հաւաքին կը մասնակցէին շուրջ 500 երիտասարդ Հայաստանէն, Արցախէն, Ջաւախքէն եւ սփիւռքէն: Հանրապետութեան նախագահը ծանօթացած է <<Բազէ-2016>> հաւաքի շրջագիծին մէջ տեղի ունեցող ձեռնարկներուն, բազէականներու  առօրեային, դիտած այդ աշխատանքները ներկայացնող տեսանիւթը, հաւաքի մասնակիցներուն կողմէ կազմակերպուած` Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած <<ֆլեշ մոպ>>-ը, մարզական ձեռնարկներն ու ցուցահանդէսը: Բազէականներուն հետ հանդիպումէն եւ զանոնք հետաքրքրող հարցումներուն պատասխանելէն ետք, նախագահը ողջոյնի խօսք յղած է հաւաքի մասնակիցներուն: Ան  համոզում յայտնած է, որ <<Բազէ>>-ի այս տարուան հաւաքին մասնակիցները հետաքրքրական օրեր անցուցած են եւ այդ կարճ ժամանակաշրջանին մէջ կրցած են գտնել նոր ընկերներ, հաստատել նոր կապեր, նոր ծանօթութիւններ: Նախագահը կարեւոր նկատած է, որ ընդհանուր հետաքրքրութիւն ունեցող մարդիկ եւ յատկապէս երիտասարդները, կարենան գտնել զիրար: Այդ առումով, <<Բազէ>>-ն, ըստ հանրապետութեան նախագահին, շատ կարեւոր հարթակ է: Նոր ընկերներէ, ծանօթութիւններէ, կապեր ստեղծելէ զատ, նախագահ Սարգսեան կարեւոր նկատած է նոր գաղափարները, նոր մտայղացումները` նշելով, որ վստահ է` այս օրերուն ընթացքին  բազէականները ունեցած են նոր մտայղացումներ, հետաքրքրական  քննարկումներ, որոնք պիտի շարունակեն նաեւ տուն վերադառնալէ ետք:

<<Անգամ մը եւս պէտք է խոստովանիմ, որ ես շատ մեծ կարծիք ունիմ մեր նոր սերունդին մասին: Գաղտնիք չէ, որ շատ մը պարագաներու եւ տարբեր միջավայրերու մէջ դժգոհութիւն կ՛արտայայտուի մեր երիտասարդներէն, նոր սերունդէն` ըսելով, որ նոր սերունդը քիչ կ՛ընթերցէ, կրաւորական է, ապաքաղաքականացած է, որ մեր շատ ազգային աւանդութիւններէն կը հրաժարի, որ օտար սովորութիւններ կը  փորձէ ներմուծել մեր հասարակութեան մէջ եւ այլն: Կը կրկնեմ` ես համաձայն չեմ այդ միտքին հետ եւ չեմ նկատեր, որ մեր երիտասարդութիւնը վերադաստիարակման կամ հայրենասիրական քարոզներու կարիքը ունի, որովհետեւ մեր երկրին համար եղած են ճակատագրական պահեր, եւ մեր երիտասարդները իրենք զիրենք  դրսեւորած են շատ փայլուն ձեւով: Ակնյայտ է, որ հասարակութեան տարբեր խաւեր, այդ կարգին նաեւ երիտասարդութեան տարբեր շերտեր որեւէ երեւոյթի նկատմամբ կ՛ունենան տարբեր կարծիքներ, եւ ասիկա շատ բնական է ու օրինաչափ, որովհետեւ հասարակութեան զարգացման առաջին երաշխիքը այս է: Անընդունելին այն է, երբ քաղաքական պայքարի կամ այդպիսի վէճերու ընթացքին կը փորձեն հարցերը լուծել բռնութեամբ կամ վատթարագոյնը` զէնքով: Ասիկա է անթոյլատրելին>>, ըսած է նախագահը եւ ընդգծած, որ բռնութիւնը երբեք լաւ արդիւնքներ չէ բերած: Ընդհակառակը` բռնութիւնը վտանգ է ե՛ւ մարդոց, ե՛ւ երկրին  համար: Նախագահ Սարգսեանի համոզումով, բռնութիւնը ոեւէ մէկը չ՛ուժեղացներ, անիկա միայն ու միայն կը թուլացնէ: <<Ասիկա կ՛ըսեմ նաեւ այն պատճառով, որովհետեւ, այսպէս ըսած, յեղափոխական տրամադրութիւնները շատ պարագաներու մէջ բնորոշ են նաեւ երիտասարդներուն, որովհետեւ այդ <<ռոմանթիզմ>>-ը կու գայ նաեւ անփորձութենէն: Ասիկա միշտ պէտք է հաշուի առնել: Քաղաքական պայքարը շատ բնական է, եւ մեր երիտասարդները մէկ անգամ չէ, որ իրենց իրաւունքներուն, հասարակութեան իրաւունքներուն պաշտպանութեան համար դուրս եկած են քաղաքական պայքարի, այդ շարքին նաեւ փողոցային: Անգամ մը եւս կը կրկնեմ` ասիկա բնական է: Անբնականը այն է, երբ մարդիկ կամ կազմակերպութիւններ ու ծառայութիւններ կը փորձեն պղտորել մարդոց գիտակցութիւնը, միտքը` մեկնելով իրենց սեփական շահերէն>>, նշած է հանրապետութեան նախագահը եւ աւելցուցած, թէ ոեւէ մէկը չի կրնար ըսել, թէ իրավիճակը պղտորող այդ մարդիկը ընդհանրապէս որո՞ւ կը ծառայեն, քանի որ այսօր աշխարհի մէջ պայքարի ձեւերը բաւականաչափ փոխուած են` կիրարկելով տարբեր հնարքներ, եւ պէտք է կարենալ անպայման զատել թացը չորէն:

Անդրադառնալով երիտասարդութեան խնդիրներուն` նախագահը ըսած է, որ այսօր անոնց կը պակսի արեւմտեան ձեւի կրթութիւնը, սակայն ատիկա երիտասարդներուն մեղքը չէ: Այդպիսի մրցունակ համակարգ ունենալու համար տեւական ժամանակ պէտք է, որուն որեւէ երկիր չէ  կրցած կարճ ժամանակաշրջանի մէջ հասնիլ: Նախագահ Սարգսեան  վստահեցուցած է, որ Հայաստանի մէջ այդ ուղղութեամբ յառաջ ընթանալու համար աշխատանք պիտի կատարուի: <<Այսօր մեր երկրին մէջ երիտասարդները ունին ազատութիւններ, ունին բաւականաչափ լաւ  կարելիութիւններ` ըլլայ ատիկա խօսքի ազատութիւն, քաղաքացիական ազատութիւններ, թէ կրթութիւն ու գիտելիք ստանալու կարելիութիւններ: Ես կը ցանկայի, որ դուք լիարժէք ձեւով օգտուէիք այս կարելիութիւններէն: Ձեզի յաջողութիւն մաղթելով` անգամ մը եւս կ՛ուզեմ շեշտել` անհրաժեշտ է ձեռք բերել գիտելիք, պէտք է բարձրացնել ունակութիւնները, կարելիութիւնները>>, դիմելով հաւաքի մասնակից երիտասարդներուն` ըսած է հանրապետութեան նախագահը:

Հանդիպման աւարտին նախագահը բազէականներու ճամբարին մէջ դիտած է հաւաքին առիթով կազմակերպուած կալա համերգը:

 

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement