ՀՅԴ Անդամները` Վանաձորի մէջ - Պիտի պայքարինք միայն յաղթելու համար

By Aztag Daily | Monday, 29 August 2016



2 հոկտեմբերին Վանաձորի մէջ տեղի պիտի ունենան տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններ` նոր ընտրակարգով:

Շաբաթ, 27 օգոստոսին Վանաձորի մէջ կուսակցութեան անդամներուն, համակիրներուն եւ բնակիչներուն ՀՅԴ-ն ներկայացուց կուսակցութեան կողմէ  առաջադրուած աւագանիի ցուցակը, որ կը գլխաւորէ Նելսոն Մամուլեան:

ՀՅԴ-ն կոչ կ՛ուղղէ վանաձորցիներուն հաւատալու փոփոխութիւններուն եւ յառաջիկայ աւագանիի  ընտրութիւններուն մեծ թիւերով մասնակցելու:

ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան բնակիչներուն տեղեկացուց, որ նոր սահմանադրութեամբ համայնքներուն շատ աւելի մեծ լիազօրութիւններ տրուած են:

<<Ընտրական օրէնսգիրքը մենք փոխեցինք այնպէս, որ պայքարի մէջ մտնեն գաղափարները, ծրագիրները, քաղաքական ուժերը. ասիկա նոյնպէս աննախադէպ է, այսպիսի բան չէ եղած, Վանաձորի մէջ մենք հիմա կը մասնակցինք ընտրութիւններուն` պայքարի մէջ մտնելով քաղաքական ուժերու հետ>>, ըսաւ Արմէն Ռուստամեան:

Արմէն Ռուստամեան կուսակցութեան անդամներուն, համակիրներուն եւ բնակիչներուն ներկայացուց կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած աւագանիի ցուցակը` Նելսոն Մամուլեանի գլխաւորութեամբ: Վերջինս ըսաւ, թէ իրենք պիտի պայքարին միայն յաղթելու համար:

<<Դաշնակցութեան Վանաձորի քաղաքային կոմիտէն իր վրայ կը վերցնէ լիարժէք պատասխանատուութիւնը` քաղաքի կառավարման ղեկը վերցնելու եւ Վանաձորը գրաւիչ ու հարազատ քաղաք դարձնելու յաւակնութեամբ>>, յայտարարած է ան:

<<Մեծ ընելիքներ ունինք>>, ըսաւ ցուցակի 3-րդ թիւի ներկայացուցիչ Արմենուհի Կիւրեղեան:

Անոր խօսքով` վանաձորցիին խնդիրները իրենց քաջ ծանօթ են, եւ զանոնք լուծելու համար այս ուղին ընտրած է:

<<Վանաձորը արդիւնաբերական քաղաք էր, երբեմնի ծաղկուն եւ կանաչ քաղաք էր, երբեմնի մտաւորական քաղաք էր եւ այսօր այդ բոլորին մէջ մենք կորուստ տեսած ենք, յետընթաց տեսած ենք, եւ ատիկա յատկապէս մեզի կը պարտաւորեցնէ այսօր մտնել ընտրարշաւի մէջ, անպայման յաղթել եւ փորձել ետ բերել Վանաձորի հեղինակութիւնը>>, յայտարարած է Արմենուհի Կիւրեղեան:

2 հոկտեմբերին վանաձորցին պէտք է ընտրէ իր անմիջական ղեկավարը, ըստ կուսակցութեան անդամներուն` այս նոր ղեկավարման համակարգը  ուղղակի կապ ունի 2017-ին տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն հետ:

Արմէն Ռուստամեանի համաձայն, այս ընտրութիւնները մէկ անձի իշխանութենէն ազատելու եւ հաւաքաբար ղեկավարելու համար լաւ սկիզբ են` լիարժէք խորհրդարանական համակարգ ձեւաւորելու համար:

Կուսակցութեան նախընտրական ծրագիրը պատրաստ է, քարոզարշաւը կը սկսի 9 սեպտեմբերին:

 

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement