Ուսանողներուն կարելիութիւն պիտի տրուի պսակաւոր արուեստիցը աւարտել 3 տարուան մէջ

By Aztag Daily | Monday, 29 August 2016



26 օգոստոսին Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան այցելած էր Լոռիի մարզ` հանրակրթական դպրոցներու ուսուցիչներու եւ տնօրէններու  օգոստոսեան խորհրդակցութիւններուն մասնակցելու:

Նախարարը նախ ներկայացուցած է կրթութեան եւ գիտութեան մարզին մէջ յառաջիկային կատարուելիք փոփոխութիւնները:

Ան նշած է, որ սեպտեմբերին քննարկման պիտի դրուի <<Բարձրագոյն կրթութեան մասին>> օրէնքը, որ շարք մը փոփոխութիւններ կրած է: Մասնաւորապէս` ուսանողը լրացուցիչ առարկաներու հաշուոյն կրնայ  յատուկ թիւով քրետիթներ հաւաքել եւ, իր ընտրած մասնագիտութեան հետ միասին, ստանալ նաեւ երկրորդ մասնագիտութիւն:

Բացի ատկէ, արդէն տեղեկացուցած ենք, որ աւագ դպրոցի վերջին` 12-րդ դասարանի աշակերտը միայն երեք նիւթ պիտի ունենայ, եւ անոնք այն նիւթերն են, որոնք պէտք են աշակերտին համալսարան ընդունուելու համար:

<<Ասոր կը յաջորդէ այն, որ 12-րդ դասարանին մէջ քրետիթային համակարգ կը ներդնենք, ինչ որ կարելիութիւն կու տայ աշակերտին քրետիթներ հաւաքելու համալսարանի համար: Այս ալ իր կարգին ուսանողին արդէն կարելիութիւն կ՛ընձեռէ պսակաւոր արուեստիցի ուսումը աւարտել 3  տարուան ընթացքին: Մեր մօտ ընդունուած է, որ պսակաւոր արուեստիցը թերի բարձրագոյն կրթութիւն է, սակայն այդպէս չէ, անիկա  ամբողջական է, ո՞վ ըսաւ, որ բոլորը պէտք է մագիստրոսութեան եւ  ասպիրանտուրայի մէջ կրթութիւն ստանան: Պսակաւոր արուեստիցը աւարտելէ ետք ուսանողը նախ պէտք է իր ստացած գիտելիքները  աշխատաշուկային մէջ փորձէ, եւ եթէ չբաւարարուեցաւ, կամ այլ աշխատանքի փնտռտուքներու հարց յառաջանայ, այն ատեն միայն ան  պէտք է մագիստրոսութեան դիմէ>>, ըսած է Մկրտչեան:

 

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement