By Asbarez | Wednesday, 31 August 2016
ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>> - Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան, օգոստոսեան խորհրդակցութեան ծիրին մէջ, կը շարունակէ հանդիպումներ ունենալ դպրոցներու տնօրէններուն հետ։ 30 Օգոստոսին խորհրդակցութիւն կատարուած է Երեւանի հիմնական դպրոցներու տնօրէններուն հետ:
Լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նախարարը նշած է, որ այս հանդիպումներուն հիմնական նպատակը անձամբ տեղեակ ըլլալն է իւրաքանչիւր դպրոցի դիմաց ծառացած խնդիրներուն մասին: Խօսելով, մասնաւորաբար, մարզային այցելութիւններուն մասին՝ նախարարը նշած է, որ իւրաքանչիւր մարզ իր իւրայատկութիւնները ունի, եւ կան մարզեր, որոնք դպրոցներու նիւթականի ապահովման առնչուող բաւական մեծ հարցեր կը դիմագրաւեն: Այդ պատճառով ալ, ըստ նախարարին, իրենք կը մտածեն դպրոցներու ֆինանսաւորման ձեւը թարմացնելու մասին, քանի որ Հայաստանի մէջ կարելի չէ մէկ բանաձեւով բոլոր դպրոցներուն նիւթական հարցերը լուծել։
<<Բացի այդ, շատ մեծ խնդիր է փոքր կոմպլեկտացիա (կառոյց-Խմբ.) ունեցող դպրոցների հարցը, քանի որ երկկոմպլեկտ, եռակոմպլեկտ կրթութեան ձեւաչափը կրթութեան որակի վրայ ազդում է: Պէտք է հասկանանք, թէ այդտեղ ինչ պէտք է անենք: Ըստ էութեան՝ խնդրի լուծումը դեռ չունենք: Մեր դպրոցների զգալի հատուածը 100ից քիչ աշակերտներ ունի, եւ այդ երեխաները մեղաւոր չեն, որ, ասենք, 3000 մ. բարձրութեան վրայ են ապրում: Մեխանիկական լուծում չենք կարող առաջարկել, այսինքն՝ փակել դպրոցը եւ բոլորին աւտոբուսով տեղափոխել մէկ այլ դպրոց չենք կարող՝ ճանապարհներ չկան, ձմրանը սառում են ճանապարհները: Մենք պարտաւոր ենք նոր մեթոդներ մշակել, եւ հիմա համաշխարհային փորձն ենք ուսումնասիրում, քանի որ Կանադայում, Ռուսաստանի հիւսիսային շրջաններում նոյնպէս կան նման դպրոցներ>>, ըսած է նախարարը:
Ըստ անոր՝ Հայաստանի մէջ գործող 1430 դպրոցներէն 800էն աւելին ունին մինչեւ 300 աշակերտ: Աւելի մեծ ու ընդարձակ դպրոցներն ու դասարանները, Մկրտչեանի համաձայն, սորվելու մղում կու տան, բայց հոն կրնայ կրթութեան որակը բաւարար չըլլալ:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ կա՞ն դպրոցներ, որոնք, այնուամենայնիւ, առաջին դասարանցիներ պիտի չունենան՝ նախարարը ցաւով նշած է, թէ կան։ <<Վերջնական պատկերը դեռ պարզ չէ, բայց մի քանի տարի է՝ ունենք նման տենդենց: Օրինակ՝ Զանգեզուրում՝ լեռնային շրջաններում, կան դպրոցներ, որոնք չեն ունենայ առաջին դասարանցիներ>>, ըսած է Մկրտչեան։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ