By Asbarez | Tuesday, 22 November 2011
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեանի ի պատիւ, Լոս Անճելըսի մէջ, Նոյեմբեր 21ին Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան կողմէ կազմակերպուեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն մը:
Նախագահ Սահակեան Քալիֆորնիա նահանգը համարած է հայաշատ ամենակարեւոր կեդրոններէն մէկը, որուն հետ համագործակցութենէն մեծապէս կախեալ է Հայրենիք-Սփիւռք կապերու խորացումը եւ զարգացումը: Այս ծիրին մէջ, Բակօ Սահակեան կարեւոր համարած է նաեւ ՀՀ Գլխաւոր հիւպատոսութեան գործունէութիւնը՝ ինչպէս Սփիւռքի հետ յարաբերութիւններու զարգացման, այնպէս ալ ԱՄՆի մէջ արցախեան հիմնահարցի ճշմարտացի ներկայացման տեսանկիւնէն:
Արցախի ղեկավարը ընդգծած է, որ հայոց անկախ պետականութեան եւ ժողովուրդի յաղթանակներուն ու յաջողութիւններուն ամենակարեւոր գրաւականը միասնականութիւնն է, զոր պէտք է պահպանել ու ամրապնդել:
Ձեռնարկին մասնակցած են Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, ԼՂՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան պետ Դաւիթ Բաբայեան, ԱՄՆի եւ Գանատայի մօտ ԼՂՀ մշտական ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան, Սփիւռքի աւանդական կուսակցութիւններու եւ տարբեր կազմակերպութիւններու ղեկավարներ, հագեւորականներ ու հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:
Նոյն օրը ԼՂՀ նախագահը հանդիպում մը ունեցած է ամերիկահայ բարերարներ Յարութ Յակոբեանին եւ Լեւոն Քիրաճեանին, ու անոնց հետ քննարկած է Արցախի մէջ տարբեր ծրագիրներու իրականացման հարցը:
Նախագահը կարեւոր համարած է Սփիւռքի ներուժի եւ փորձի օգտագործումը՝ Արցախի զարգացման գործին մէջ, ինչ որ հնարաւորութիւն կու տայ տարբեր ոլորտներու մէջ, աւելի կարճ ժամանակահատուածի մը ընթացքին, շօշափելի արդիւնքներու հասնելու:
Երկուշաբթի օր, նախագահ Բակօ Սահակեան Լոս Անճելըսի մէջ հանդիպած է ամերիկահայ գործարար, «Էքոփանըլ կռուփ» ընկերութեան նախագահ Խաչիկ Խաչիկեանի եւ ճարտարապետ Սեւակ Պետրոսեանի հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Արցախի մէջ շինարարական ոլորտէն ներս ժամանակակից սարքաւորումներու եւ արհեստագիտութեան ներդրման հարցը: Նաեւ Երկուշաբթի օր, նախագահ Սահակեան հանդիպած է ամերիկահայ գործարար Ռէյ Յարութիւնեանին եւ անոր հետ քննարկած Արցախի մէջ տպարանային գործի զարգացման հեռանկարը:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ