By Asbarez | Friday, 02 September 2016
ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Գիտելիքի եւ դպրութեան օրը՝ 1 Սեպտեմբերին, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան այցելած է Արցախի պետական համալսարան:
Համալսարանի նախագահ Մանուշ Մինասեանի ու կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Սլաւա Ասրեանի ընկերակցութեամբ խորհրդարանի ղեկավարը ծաղիկներ զետեղած եւ յարգանքի տուրք մատուցած է Արցախեան ազատամարտին ընթացքին զոհուած ուսանողներու յիշատակին նուիրուած յուշակոթողին առջեւ:
Այնուհետեւ Ազգային ժողովի նախագահը համալսարանի մեծ դահլիճին մէջ հանդիպում ունեցած է դասախօսական կազմին եւ ուսանողներուն հետ։ Աշոտ Ղուլեան հանդէս եկած է <<Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը 25 տարեկան է>> թեմայով դասախօսութեամբ՝ ներկայացնելով 25ամեայ հանրապետութեան ձեռքբերումները եւ խօսած առկայ խնդիրներուն, կատարուելիք աշխատանքներուն մասին:
<<Մենք անկախութիւն ենք հռչակել, որպէսզի կարողանանք պաշտպանել մեր ազատութիւնը: Հանրապետութեան հռչակումը տեղի է ունեցել միջազգային նորմերի ու գործող օրէնսդրութեան շրջանակներում, եւ այսօր իր կայացուածութեամբ ու ժողովրդավարութեան չափանիշներով Արցախը գերազանցում է անգամ որոշ ճանաչուած երկրների>>, ընդգծած է Աշոտ Ղուլեան:
Ելոյթի աւարտին Ազգային ժողովի նախագահը ուսանողներուն կոչ ուղղած է՝ ուսումնառութեան տարիները լաւագոյնս օգտագործելու, եւ յիշեցուցած է, որ այսօր, առաւել քան երբեւէ պահանջուած ու արժէքաւոր են մարդկային արարող, ստեղծագործական միտքը, գիտելիքն ու նորարարութեան գաղափարը:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ