ԱՐՑԱԽ- 25ամեակի Տարբեր Բնոյթի Ձեռնարկներ Լեռնային Ղարաբաղի Անկախ Հանրապետութեան Մէջ

By Asbarez | Saturday, 03 September 2016

0903festivities 0903festivities1 0903festivities2 0903festivities3 0903festivities4 0903festivities5

ԵՐԵՒԱՆ - Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան 25ամեակին առիթով 2 Սեպտեմբերին Արցախի տարածքին տեղի ունեցան տարբեր նախաձեռնութիւններ եւ հանդիսութիւններ։

Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահներ Սերժ Սարգսեան եւ Բանօ Սահակեան այս առիթով Հայաստանէն ժամանած եւ Լեռնային Ղարաբաղի բարձրաստիճան պաշտօնական անձնաւորութիւններու ու պատուիրակութեան, արցախահայութեան եւ աշխարհի տարբեր երկիրներէ եկած հիւրերուն հետ առաւօտեան Վերածնունդի հրապարակէն հանդիսաւոր քայլարշաւով այցելեցին Ստեփանակերտի յուշահամալիր, ծաղկեպսակ զետեղեցին եւ յարգանքի տուրք մատուցեցին Արցախի անկախութեան համար զոհուած հայորդիներուն յիշատակին:

Հայաստանի նախագահը Արցախեան ազատամարտին ընթացքին զոհուածներու պանթէոնին մէջ ծաղիկներ զետեղեց ազատամարտի նահատակներուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի Գերագոյն խորհուրդի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեանի շիրիմներուն վրայ:

Նոյն օրը մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ տեղի ունեցաւ <<Հայաստանի դրամաշրջանառութեան պատմութիւնը. ֆինանսներ բոլորի համար>> խորագիրով ցուցահանդէս:

Ցուցահանդէսին բացումը կատարեց Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան տնօրէն Արթուր æաւադեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի վարչապետ Արա Յարութիւնեան՝ ստորագրելով Լեռնային Ղարաբաղի Անկախութեան հռչակման 25ամեակին նուիրուած 2 խորհրդանշական նամականիշի մարում. անոնք 50,000ական տպաքանակով են եւ կը տրամադրուին <<Արցախփոստ>>ին մէջ:

Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան դրամագէտ Գէորգ Մուղալեան յայտնեց, որ արդէն 10 տարի է, որ կը կայանայ <<Հայաստանի դրամաշրջանառութեան պատմութիւնը. ֆինանսներ բոլորի համար>> ցուցահանդէսը: <<Ցուցադրութիւնը տարբերակուած է ժամանակագրական սկզբունքով, որն աւելի ընկալելի է դարձնում փողի պատմութեանը վերաբերող հիմնական հարցերը4 ինչի՞ համար է փողը, ե՞րբ եւ որտե՞ղ են հատուել առաջին մետաղադրամները, ինչպէ՞ս են կատարւում կենտրոնական բանկի գործառոյթները>>, ըսաւ Գ. Մուղալեանը:

Ցուցահանդէսին ներկայ գտնուեցան նախագահ Բակօ Սահակեան, Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ սրբազանը, պետական այրեր, կառավարութեան անդամներ, դրամատան պաշտօնեաներ եւ հիւրեր:

Լեռնային Ղարաբաղի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան եւ Ստեփանակերտի քաղաքապետարանի մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ զբօսաշրջութեան բաժինի նախաձեռնութեամբ, Ստեփանակերտի Շարլ Ազնաւուրի անուան մշակոյթի կեդրոնի բակին մէջ այս առիթով կայացաւ համերգ։ Անոր մասնակցեցան  Ստեփանակերտի <<Նայիրուհի>> եւ <<Արցախի Բալիկներ>> համոյթները, պարարուեստի քոլեճը, Յակոբ Գիւրջեանի անուան արուեստի դպրոցը, Ստեփանակերտի մշակոյթի տան սաները, <<Զուարթնոց>> պարախումբը, Արցախի պետական ճազ նուագախումբը, անհատ կատարողներ, որոնք հանդէս եկան հայրենասիրական երգերով:

Ստեփանակերտի կեդրոնական օղակաձեւ պուրակին մէջ ալ տեղի ունեցաւ Արցախի բոլոր շրջաններու մանկապատանեկան ստեղծագործական կեդրոններու ու անհատ մասնակիցներու աշխատանքներու ցուցահանդէս-վաճառք:

Սաներուն աշխատանքներուն մէջ գերակշռող էր Լեռնային Ղարաբաղի հռչակման 25ամեակին վերաբերող ստեղծագործութիւնները։

<<Բոլոր տօնական օրերին էլ մեր աշխատանքները ներկայացնում ենք Ստեփանակերտում, սակայն այս օրը իւրայատուկ է մեզ համար: Մեր սաների աշխատանքներում առաւել մեծ տեղ են գրաւում Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան հռչակման 25ամեակին նուիրուած աշխատանքները: Գորգերը, ձեռքի աշխատանքները, կաւէ ամաններն ու մնացեալ աշխատանքները կ՛արտացոլացնեն Արցախի հազարամեայ պատմութիւնն ու անկախութեան 25ամեայ ձեռբերումները>>, մանրամասնած է Ասկերանի արուեստի դպրոցի տնօրէն Անահիտ Բադալեան:

 

comments