By Asbarez | Saturday, 03 September 2016
ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>> - 2 Սեպտեմբերի երեկոյեան Օփերայի եւ պալէի ակադեմական թատրոնի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Դաշնակցութեան կազմակերպած քաղաքական հաւաք՝ ի զօրակցութիւն Արցախի պետականութեան: Ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանտ Մարգարեան, նախարարներ, մարզպետներ, պատգամաւորներ, դաշնակցականներ ու համակիրներ:
Ձեռնարկը սկսաւ մէկ վայրկեան լռութեամբ՝ իբրեւ յարգանք ապրիլեան պատերազմին զոհուածներուն: Ապա ներկայացուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի տեսագրուած ուղերձը:
Օրուան պատգամը փոխանցեց ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, որ դիտել տուաւ, թէ այս տարի Լեռնային Ղարաբաղի 25ամեակը կը նշուի երկու հայկական պետութիւններուն համար գերլարուած, ներքին ու արտաքին լրջագոյն մարտահրաւէրներով յագեցած եւ շատ պատասխանատու ժամանակաշրջանի մը: Առ այդ, ան կարեւոր նկատեց ճիշդ գնահատում կատարել, արժեւորել ձեռք բերուածներն ու թերութիւնները, չերկնչիլ վտանգներուն եւ սպառնալիքներուն դիմաց եւ, վերահաստատելով համազգային ուխտը, յառաջ երթալ:
<<Մեր միջից պէտք է մէկընդմիշտ եւ ի սպառ արմատախիլ անենք պարտուողականութեան որոմը եւ մեր կեանքը կառուցենք դարերի փորձութիւնն անցած յայտնի կարգախօսով՝ թէ ուզում ես խաղաղութիւն, պատրաստ եղիր պատերազմի:
Այո՛, խաղաղութիւնն է բնական միջավայրը արարման եւ կայուն զարգացման: Ոչ մի ողջամիտ մարդ դրան դէմ չի կարող լինել: Բայց խաղաղութիւնը չեն մուրում, այլ նուաճում են: Թշնամուն խաղաղութեան բերում են ոչ զիջելով, այլ՝ պարտադրելով: Եւ ուրեմն հող ու տարածք զիջելը ինքնին ոչ թէ զսպում է թշնամուն, այլ նրան դարձնում է աւելի սանձարձակ: Այս համոզումով էր, որ մեր ժողովուրդը ժամանակին վճռականօրէն մերժեց <<տարածքներ խաղաղութեան դիմաց>> սկզբունքով հակամարտութիւնը կարգաւորելու օրուայ իշխանութիւնների պարտուողական քաղաքականութիւնը: Չի կարող լինել ոչ մի կասկած, որ քաղաքական դիակ դառնալու նոյն ճակատագիրն է սպասում մեզանից նրան, ով կը փորձի այս կամ այն կերպ վերակենդանացնել այդ տխրահռչակ սկզբունքը>>, հաստատեց Ռուստամեան:
Ան անդրադարձաւ ապրիլեան պատերազմին, անոր շուրջ համայն հայութեան համախմբուածութեան, հայկական բանակի հերոսական դիմակայութիւնը, որոնք միասնաբար արգիլեցին թշնամին նոր կացութիւն ստեղծելու։ Ռուստամեան նաեւ խօսեցաւ <<Սասնայ ծռեր>>ուն մասին, որ նոր փորձութեան մատնեց հայոց պետականութիւնը՝ խարխլելով հայութեան ներքին ու արտաքին անվտանգութիւնը, ջլատելով անոր միասնութիւնը. ան աւելցուց, որ միեւնոյն ատեն պէտք է շեշտել, որ երկրին մէջ կարեւոր է անյապաղ բարեփոխումներ իրականացնել, կուտակուած դժգոհութիւնն ու լարուածութիւնը լիցքաթափել:
<<Անցած 25 տարիները աներկբայօրէն փաստում են, որ մեր սերունդների արժանապատիւ կեանքն ապահովելու, մեր ազգային նպատակներից չշեղուելու գլխաւոր պայմանը <<զարգանալ չզիջելով>> կարգախօսով առաջնորդուելն է: Սա է դժուարին, բայց պատուաբեր ճանապարհը: Հակառակը հեշտ է, բայց կործանարար: Քանզի եթէ շարունակաբար զիջենք մեր շահերը, իբր որ կարողանանք զարգանալ, էլ շահ չի մնայ ոչ միայն զարգանալու, այլ որեւէ այլ բանի համար:
Հետեւաբար, առաջնորդուել <<զարգանալ չզիջելով>> կարգախօսով, նշանակում է մասնաւորապէս ամրապնդել այն գաղափարը, որ Արցախի ազատագրուած տարածքները ոչ թէ բեռ են, որից պէտք է օր առաջ ազատուել, այլ զարգացման մեծագոյն հնարաւորութիւն: Աւելին սա նշանակում է կառուցել մեր տնտեսական քաղաքականութիւնը այնպէս, որ համապատասխանի շրջափակուած եւ պատերազմի մէջ գտնուող երկրի կարգավիճակին ու պայմաններին: Պէտք է ունենալ այն մշտական համոզումը, որ աւելի լաւ է լինել շրջափակուած, բայց պահպանել ներկայ 42000 քառ. կմ. տարածքները հայկական, քան ունենալ բաց սահմաններ, բայց զրկուել կենսական նշանակաթեան մեր տարածքներից>>, դիտել տուաւ Արմէն Ռուստամեան՝ հաստատելով, որ բանակցութիւններուն միջոցով հարցի լուծումը պէտք է խարսխուած ըլլայ Արցախի ժողովուրդի արտայայտած կամքին վրայ, ենթադրէ Ատրպէյճանի կողմէ միաժամանակեայ եւ համաչափ զիջումներ եւ ըլլայ համահունչ՝ խաղաղ կարգաւորման միջազգային եզրերուն ու չափանիշներուն:
ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչին համաձայն՝ արցախեան տագնապի լուծման հայեցակարգը պէտք է հետապնդէ հիմնական կարգ մը հարցերու լուծումը՝ առաջնորդուիլ 1991ի անկախութեան եւ 2006ի սահմանադրական հանրաքուէներով Արցախի ժողովուրդին արտայայտած կամքով, բանակցային գործընթացի լիարժէքութեան ու արդիւնաւէտութեան համար ապահովել Լեռնային Ղարաբաղի լիիրաւ մասնակցութիւնը բանակցութիւններուն, միջազգային արդիւնաւէտ վերահսկողութիւն սահմանել՝ ապահովելու 1994-95ի զինադադարի եռակողմ պայմանագիրի անվերապահ կատարումը, բանակցային գործընթացը հունաւորելու եւ Ատրպէյճանի ռազմատենչ ու հակահայկական քաղաքականութիւնը չէզոքացնելու համար նոր թափ հաղորդել Լեռնային Ղարաբաղի միջազգային ճանաչման գործին։ Այդ հարցերու կարգին Ռուստամեան անդրադարձաւ նաեւ անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան միասնական համակարգ հաստատելու նպատակով Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ ռազմաքաղաքական դաշինքի կնքման, ձեւաւորման Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուած յարձակումներն ու ռազմական յանցագործութիւնները ապացուցող թղթածրարներու եւ զանոնք միջազգային դատապարտման ներկայացնելու, արցախեան ազատամարտի յաջողութիւնները ամրապնդելու եւ հիմնախնդիրի հայանպաստ լուծումը կանխորոշելու նպատակով Արցախի վերաբնակեցման։
Արմէն Ռուստամեան նաեւ խօսեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի սահմանադրական նոր փոփոխութիւններուն առնչուող քննարկումներուն մասին՝ դիտել տալով, որ հրապարակուած նախագիծը, տարօրինակօրէն, չի համապատասխաներ առկայ քաղաքական տրամադրութիւններուն եւ կ՛առաջարկէ անցում կատարել որեւէ տեղ չփորձարկուած, կառավարման իր ձեւով նորարարական համակարգի մը, ինչ որ կրնայ Լեռնային Ղարաբաղը հեռացնել իր հետապնդած գերագոյն նպատակներէն։
<<Արցախում պետականութեան ամրապնդման եւ զարգացման հեռանկարային ծրագրերը պէտք է ապահովեն <<Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնից դէպի Հայաստանի հետ միացում>> ռազմավարութեան սահուն իրացումը: Այս նպատակին պէտք է ծառայեն նաեւ որեւէ փուլում իրականացուող սահմանադրական փոփոխութիւնները եւ այդ համոզումով է, որ Դաշնակցութիւնը Արցախում եւս պաշտպանում է խորհրդարանական համակարգին անցնելու գաղափարը:
25 տարին լիովին բաւարար ժամանակ է փաստելու որեւէ պետութեան կայացած լինելը, նրա կենսունակութիւնը եւ իր անկախութիւնը պաշտպանելու կարողութիւնը: Այսօր մի ամբողջ սերունդ է ծնուել ազատութեան մէջ ու մեծանում է վայելելով իր հայրենիքի անկախութիւնը: Մենք պարտաւոր ենք պահել, պահպանել մեր եւ նոր սերունդների ազատութիւնն ու անկախութիւնը՝ նրանց փոխանցելով սեփական հայրենիքում ապրելու ու արարելու բերկրանքը>>, եզրափակեց ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչը։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ