Բացառւում է, որ Արցախի հիմնահարցի հանգուցալուծման վերջակէտը դրուի հողային զիջումների վրայ - Դաւիթ Իշխանեան

By Asbarez | Saturday, 03 September 2016

ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>> - Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան 25ամեակին առիթով <<Երկիր>>ը հարցազրոյց կատարած է Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Իշխանեանի հետ, որ անդրադարձած է բանակցային գործընթացներուն եւ հաւանական փոխզիջումներուն:

Ան հաստատած է, որ Ապրիլէն ետք ակնյայտ դարձաւ, որ բանակցային գործընթացը, որպէս այդպիսին, փակուղին մէջ է՝ վստահեցնելով, որ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Արցախի իշխանութիւններուն կարեւորագոյն խնդիրը այն է, որ ապագային, երբ բանակցային գործընթացը վերսկսի Արցախը ներգրաւուի՝ որպէս բանակցային կողմ:

<<Առանց Արցախի՝ բանակցային գործընթացին մասնակցութեան որեւէ հարցի լուծման հեռանկար չենք տեսնում: Ի՞նչ կը լինի ապագայում, դժուար է կանխատեսել, բայց պարզ է, որ հարցի հանգուցալուծումը պէտք է դիտարկել ոչ ռազմական գործողութիւնների շրջանակներում>>, յայտնած է Իշխանեան:

Խօսելով փոխզիջումներուն վերաբերող շրջան ընող տարբեր լուրերու մասին՝ ան կարծիք յայտնած է այն մասին, որ արցախեան կողմը, յատկապէս ապրիլեան ռազմական գործողութիւններէն ետք, աւելի եւս ամրապնդեց իր կեցուածքը՝ բացառելով հողային զիջումներու տարբերակը: <<Պատահական չէ, որ սոցհարցումները ցոյց տուեցին, որ Արցախի բնակչութեան 99 տոկոսից աւելին բացառում է, որ Ղարաբաղի հիմնահարցի հանգուցալուծման վերջակէտը դրուի հողային զիջումների վրայ: Նոյնիսկ մնացած՝ 1 տոկոս բնակչութեան շրջանում առկայ այդպիսի միտում պէտք է ի սպառ վերացնել>>, հաստատած է պատգամաւորը:

Անդրադառնալով Արցախի զինուած ուժերու պատրաստականութեան՝ Դաւիթ Իշխանեան նշած է, որ, պարբերաբար այցելելով դիրքեր, սահմանագիծ, հոն գտնուող զինուորին մօտ, կը տեսնեն, թէ զինուորին մարտական ոգին կոտրած չէ ապրիլեան պատերազմէն ետք, ինչպէս նաեւ կան ճարտարագիտական նոր կառոյցներ, ռազմական համալրուածութիւն եւ պատնէշի ամրապնդում, ինչ որ նոյնպէս յուսադրող է եւ կ՛երաշխաւորէ աւելի խաղաղ եւ անվտանգ ըլլալը:

 

 

comments