Դաշնակցութեան շարքերը համալրեցին 200 նորագիրներ

By Asbarez | Sunday, 04 September 2016





ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>> - Արցախի պետականութեան զօրակցող ՀՅԴի քաղաքական հաւաքին ընթացքին տարբեր տարիքի պատկանող աւելի քան 200 անձեր տուին իրենց Դաշնակցականի երդումը եւ միացան կուսակցութեան շարքերուն։

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ<< ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Հայ Դատի քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու<< նորագիրներու կնքահայր Կիրօ Մանոյեան յայտարարեց<< որ սին են այն յայտարարութիւնները<< թէ Դաշնակցութեան շարքերը համալրողներ չկան՝ հաստատելով<< որ վերջին ամիսներուն կուսակցութեան շարքերը 10 տոկոսով համալրուած են:

<<Դաշնակցութիւնից սպասելիք ունենալ պէտք չէ. պէտք է բաւարարուել կատարած աշխատանքի աղբիւրները տեսնելով>>, յայտարարեց Բիւրոյի անդամը։

Ան նաեւ շեշտեց<< որ Դաշնակցութիւնը չի ներեր պետութեան եւ պետականութեան դէմ զէնք բարձրացնողներուն՝ ո՛վքեր ալ ըլլան անոնք:

 

comments