Բակօ Սահակեան Ասօ Դաւիթեանին հետ քննարկած է կրթութեան ոլորտի ծրագիրներ

By Asbarez | Wednesday, 07 September 2016

0907asodavitian

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, <<Արմէնփրէս>> - Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 6 Սեպտեմբերին ընդունած է <<Դաւիթեան>> հիմնադրամի հիմնադիր եւ նախագահ Ասօ Դաւիթեանը: Քննարկուած են Արցախի մէջ տարբեր ծրագիրներու իրականացման առնչուող հարցեր:

Յատուկ ուշադրութիւն դարձուած է կրթութեան ոլորտին: Նախագահը երախտագիտութիւն յայտնած է Ասօ Դաւիթեանին՝ Միացեալ Նահանգներու առաջատար բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ կրթութիւն ստանալու գծով Արցախի ուսանողներուն աջակցելու համար՝ ընդգծելով, որ երկարամեայ այդ ջանքերուն շնորհիւ Արցախը ունեցած է որակաւոր մարդուժ:

 

comments