Ազգային արխիւին մէջ տարեկան կը թուայնացուի մօտ 200 Հազար Փաստաթուղթ

By Asbarez | Wednesday, 07 September 2016

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>>.– Հայաստանի անկախութեան 25ամեակի սեմին արխիւային թուայնացումի նիւթերուն շուրջ լրագրողներուն հետ  զրուցած է Ազգային արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրաբեանը:

<<Հիմնականում թուայնացնում ենք փաստաթղթեր, որոնք մեծ պահանջարկ ունեն: Պահանջուած են մարդկանց ծննդեան, մահուան, ամուսնութեան հետ կապուած նիւթերը: Շատերն են փորձում այդ տուեալների միջոցով պատկերացում կազմել իրենց տոհմածառի մասին: Պահանջարկ ունեն Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան պատմութեանը, Ցեղասպանութեանը վերաբերող փաստաթղթերը: Հետաքրքրութիւն կայ նաեւ բնակավայրերի պատմութեան, յայտնի պատմական դէմքերի մասին նիւթերի նկատմամբ>>, նշած է Ամատունի Վիրաբեան: Ըստ անոր՝ թուայնացումը կարելիութիւն կու տայ պահելու եւ վայրկեաններու ընթացքին գտնելու անհրաժեշտ տեղեկութիւնները:

<<Մենք չենք վերացնում թղթէ որեւէ փաստաթուղթ, պարզապէս աւելի կիրառելի ենք դարձնում տարբեր փաստաթղթերի թուայնացուած տարբերակները>>, յայտնած է Ազգային արխիւի տնօրէնը:

Ազգային արխիւին մէջ փորձառական թուայնացում կատարուած է 2004 թուականէն: Լայնածաւալ թուայնացման աշխատանքները սկսած են 2010էն: Արխիւի պահոցներուն մէջ կայ մօտաւոր 350 միլիոն փաստաթուղթ, տարեկան կը թուայնացուի շուրջ 200 հազար էջ փաստաթուղթ: Ամատունիի համաձայն՝ կը թուայնացուին նաեւ շարժապատկերի ժապաւէնները:

<<Այս տարի կ՛աւարտենք վաւերագրական ֆիլմերի թուայնացման աշխատանքները: Արխիւում կան նաեւ գեղարուեստական ֆիլմերի թուայնացուած տարբերակներ, որոնց թուայնացումը մենք չենք իրականացրել: Յաջորդ տարի սկսելու ենք հեռուստատեսային ֆիլմերի թուայնացման գործընթացը, որը եւս մի քանի տարի կը տեւի, սակայն անպայման աւարտին կը հասցուի>>, ընդգծած է արխիւի տնօրէնը:

Արխիւին մէջ կը թուայնացուին նաեւ լուսանկարներ, ձայնագրութիւններ: Ազգային արխիւին մէջ կարելի է գտնել մեծանուն գրող Աւետիք Իսահակեանի, հայկական բնաշխարհը վառ եւ անկրկնելի գոյներով ներկայացնող նկարիչ Մարտիրոս Սարեանի, բանաստեղծ, գրականագէտ, թարգմանիչ Պարոյր Սեւակի եւ այլ ականաւոր մշակութային գործիչներու ձայնագրութիւններ:

 




comments