Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան հրաժարեցաւ

By Asbarez | Thursday, 08 September 2016

0909hovigabrahamian

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Հայաստանի կառավարութեան հերթական նիստի աւարտին, 8 Սեպտեմբերին, Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան յայտարարութիւն մը կատարելով նշեց, որ կը հրաժարի իր պաշտօնէն։

<<Անկեղծ, իրատեսական մօտեցումներն իրենց արդիւնքներն ունեցան, սակայն հասարակութիւնը մնաց դեռեւս բեւեռացուած: Հասարակութեան եւ կառավարութեան միասնական ջանքեր են անհաժեշտ: Դրա համար նոր սկիզբ է պէտք<< պէտք է մտածել բոլորի յաջողութեան մասին եւ շանս տալ նոր կառավարութեանը>>, ըսած է վարչապետը:

Յովիկ Աբրահամեան աւելցուցած է, որ հրաժարական կու տայ Հայաստանի վարչապետի պաշտօնէն՝ Հանրապետութեան նախագահին կարելիութիւն տալով կազմել նոր կառավարութիւն:

Նախագահը, վարչապետի հրաժարականի ընդունման թուականէն ետք տասնօրեայ ժամկէտի ընթացքին պէտք է նշանակէ նոր վարչապետ

 



comments