Պէտք է փոխուեն խաղի կանոնները, ներիշխանական յարաբերութիւնները - Արմէն Ռուստամեան

By Asbarez | Saturday, 10 September 2016



ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>> - 9 Սեպտեմբերին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան անդրադարձաւ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի հրաժարականին, ինչպէս նաեւ Արցախի վերաբերող տարբեր հարցերու:

Ըստ անոր՝ այն արտաքին ու ներքին մարտահրաւէրները, որոնք ծառացած են ժողովուրդին դիմաց, թոյլ չեն տար սպասել մինչեւ 2017 թուական՝ խորհրդարանական ընտրութիւնները, եւ խորհրդարական կառավարման համակարգին սահուն անցնելու համար ճիշդ է, որ այսօր իսկ սկսին փոփոխութիւնները: Ռուստամեան դիտել տուած է, որ ատիկա նաեւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կարելիութիւն պիտի տայ՝ աշխատելու նոր կառավարութեան ծրագիրի վրայ, որպէսզի անիկա համահունչ ըլլայ քաղաքական համագործակցութեան համաձայնագիրի հետ, որ կնքուած է Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան հետ:

<<Մեր հասարակութեան մի զգալի մասը չունի այդ համբերութիւնը եւ չի պատկերացնում, որ 2017թ. բարեփոխումները կը բերեն այն նպատակների իրականացմանը, որոնք շատերը մտքում այսօր ունեն: Մենք համոզում ունէինք, որ ոչինչ չի խանգարում մեզ փոխութիւնները սկսել այսօր: Պէտք է նոր սկզբի հիմքեր դնել, մարդկանց մօտ յոյսեր արթնացնել: Այդ համատեքստում ես գնահատում եմ Յովիկ Աբրահամեանի քայլը՝ հրաժարականը, եւ յոյս ունեմ, որ նոր վարչապետը, ով բանիմաց, պարկեշտ, կիրթ, իր գործը լաւ իմացող անձնաւորութիւն է, ունի ժամանակակից մտածելակեպ եւ կարող է առաջնորդել փոփոխութիւնները>>, յայտնած է Արմէն Ռուստամեան:

Ըստ Ռուստամեանի՝ նոյնիսկ միայն 8 ամսուան համար վարչապետ նշանակելը փոփոխութիւններու հրամայականն է, որ արտացոլաց թէ՛ Սերժ Սարգսեանի եւ թէ Յովիկ Աբրահամեանի ելոյթներուն մէջ: Ան աւելցուցած է, որ բոլորն ալ կը գիտակցին, որ բարեփոխումներու գործընթացը արագացնելու անհրաժեշտութիւն կայ:

Անդրադառնալով այն դիտարկման, որ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը վարչապետին ու կառավարութեան փոփոխութիւնը կը կատարէ ընտրութիւններու նախաշեմին՝ իր վարկը բարձրացնելու համար, Արմէն Ռուստամեան ըսած է, որ ատիկա բնական է:

Անոր կարծիքով, Հայաստանի մէջ գտնուած են իշխանաւորներ, որոնք ամբողջովին անտեսած են իրենց վարկանիշի բարձրացման խնդիրը՝ այն համոզումով, որ <<իրենց դէմ խաղ չկայ>>, ինչպէս ալ գործեն: Բայց հիմա իշխանութիւնները հասկցած են, որ իրավիճակը փոխուած է, եւ իշխանութիւնը պահելու համար պէտք է մտածեն իրենց վարկի բարձրացման մասին ու համապատասխան քայլեր առնեն: <<Այս անգամ, անձերի փոփոխութիւնից զատ, պէտք է փոխուի նաեւ բովանդակութիւնը՝ խաղի կանոնները, ներիշխանական յարաբերութիւնները>>, հաստատած է Ռուստամեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ նոր վարչապետը արդեօք պիտի կարենա՞յ պայքարիլ սակաւապետական տնտեսութեան դէմ՝ Արմէն Ռուստամեան նշած է, որ նման պայքար մէկ հոգի չի կրնար տանիլ, որովհետեւ անհրաժեշտ է համակարգի փոփոխութիւն, որ պիտի առաջնորդէ գործառնութեան եւ սակաւապետութեան տարանջատման, ինչ որ ՀՅԴ–ՀՀԿ քաղաքական համագործակցութեան հիմնական պահանջներէն մէկն է: Այդ խնդիրները, ըստ Ռուստամեանի, կրնան ցաւոտ ըլլալ, բայց աստիճանաբար պէտք է սկսիլ, որպէսզի Հայաստանի մէջ ամբողջովին անջատուած ըլլայ սակաւապետութիւնն ու տնտեսութիւնը։

<<Մենք հարուստներին դէմ չենք, մենք դէմ ենք ապօրինի հարստացմանը: Եւ եթէ մարդիկ հարստանում են, թող գնան՝ իրենց գործով զբաղուեն, իսկ քաղաքականութիւնը պէտք է անջատուի դրանից: Քաղաքականութիւնը պէտք է հետապնդի ոչ թէ օլիգարխների, այլ բոլորի շահերը>>, դիտել տուած է Արմէն Ռուստամեան:

Լրագրող մը հարցուցած է, թէ կառավարութեան հրաժարականէն ետք ի՞նչ ճակատագիր պիտի ունենան Դաշնակցութեան նախարարութիւնները. Ռուստամեան ըսած է, որ անոնց թիւը չի պակսիր, որովհետեւ քաղաքական համագործակցութեան յուշագիրը տակաւին կը գործէ, ուժի մէջ է: Աւելի՛ն՝ այդ յուշագիրը հեռանկարային է:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ե՞րբ տեղեկացած են վարչապետին փոփոխութեան մասին, Արմէն Ռուստամեան նշած է, որ փոփոխութիւններուն մասին միշտ ալ խօսուած է համախոհական կառավարութեան նիստերուն։

Արմէն Ռուստամեան անդրադարձած է նաեւ Արցախի հետ ռազմական փոխօգնութեան: Արտաքին գործերու պատասխանատուները կը հաստատեն, որ այդ առնչութեամբ  պայմանագիրը մշակման փուլի մէջ է: Արմէն Ռուստամեանի համաձայն՝ ռազմական փոխօգնութեան պայմանագիրը այն պահանջներէն է, զոր Դաշնակցութիւնը կը ներկայացնէ, որովհետեւ անիկա պիտի լուծէ Հայաստան-Արցախ միասնական անվտանգութեան ու պաշտպանական համակարգի հարցը, որ պիտի դրուի իրաւական հիմերու վրայ:

<<Այդ պայմանագրով պէտք է ամրագրուի Հայաստանի երաշխաւորի կարգավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան ու անվտանգութեան հարցում, դա շատ կարեւոր է>>, հաստատած է Ռուստամեան:

<<Արդեօք մտահոգիչ չէ՞ այդ պայմանագրի ստորագրման ձգձգումը Հայաստանի ու Արցախի իշխանութիւնների կողմից>> հարցումին պատասխանելով՝ Արմէն Ռուստամեան ըսած է, որ ատիկա մտահոգիչ է: Պայմանագիրը պէտք է արագօրէն ստորագրուի, մանաւանդ՝ ապրիլեան պատերազմէն ետք, երբ նախագահը արտաքին գործոց նախարարութեան յանձնարարեց  մշակել զայն։

<<Ես չգիտեմ, թէ ինչու է ձգձգւում այդ պայմանագրի ստորագրումը, բայց որ դա պէտք է տեղի ունենայ, երկրորդ կարծիք լինել չի կարող: Հայաստանի կողմից Արցախի պաշտպանութիւնը պէտք է ամրագրուի իրաւաբանօրէն>>, հաստատած է Արմէն Ռուստամեան։

 

comments