By Asbarez | Tuesday, 13 September 2016
ԵՐԵՒԱՆ - Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Սէյրան Օհանեան 10 Սեպտեմբերին լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին՝ անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման առնչուող հանդիպումներուն եւ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակին մասնակցութեամբ ընթացող քննարկումներուն, նշած է, թէ իր ակնկալութիւնն է, որ խնդիրը լուծուի միայն խաղաղ ու քաղաքական ուղիով:
<<Մեր դիւանագիտութեան համար պատասխանատու են համապատասխան կառոյցներ, որոնք ամբողջական կերպով կը տիրապետեն բանակցային ամբողջ հոլովոյթին: Հանդիպումներէն մեր ակնկալիքը մէկ է, որ մեր կողմէ առաջադրուած տարբերակը կատարուի, այսինքն՝ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը լուծուի միայն ու միայն քաղաքական, խաղաղ պայմաններու մէջ, երկխօսութեան միջոցով, փոխադարձ համաձայնութիւններու ու կարեւորագոյնը՝ վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորման ծիրին մէջ>>, ըսած է Օհանեան:
Անդրադառնալով տագնապի լուծման համար հողերու յանձնումին վերաբերեալ շրջան ընող զրոյցներուն՝ Օհանեան նշած է. <<Այս իրավիճակին մէջ, երբ շատ դժուար է հակառակորդին հետ լեզու գտնելը, մանաւանդ՝ քառօրեայ պատերազմէն ետք, սադրանքներու տարողութեան սաս-տկացումը նկատի ունենալով, կրնանք ըսել, որ շփման գիծին մէջ վստահութեան մթնոլորտի կազմութեան առնչութեամբ մերժումը կը շարունակուի: Ատիկա մեզի կարելիութիւն կու տայ ըսելու, որ մինչեւ չհաստատուի վստահութեան մթնոլորտ, մենք չենք կրնար խօսիլ փոխադարձ համաձայնութիւններու մասին: Եթէ Արցախի ժողովուրդին, Արցախին բան մը պատահի, իւրաքանչիւր թիզ հողին համար մենք պիտի պայքարինք>>, հաստատած է նախարարը՝ աւելցնելով նաեւ, որ վերջին շրջանին շփման գիծին մէջ լարուածութեան միտումներ չկան. <<Կողմերուն միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնը քիչ մը աւելի, քիչ մը պակաս կը կատարուի>>:
9 Սեպտեմբերին նախարար Օհանեան հանդիպում ունեցած էր ապրիլեան մարտական գործողութիւններուն մասնակցած կամաւորական կարգ մը ջոկատներու հրամանատարներուն հետ:
Ողջունելով հիւրերը՝ Սէյրան Օհանեան շեշտած է, որ անգնահատելի է հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ գործին համար կամաւոր զինուորագրուած հայորդիներուն դերակատարութիւնը թէ՛ արցախեան ազատամարտի տարիներուն եւ թէ ապրիլեան մարտական գործողութիւններուն ընթացքին:
Կարեւոր նկատելով կամաւորական ջոկատներու հրամանատարներու, աշխարհազօրայիններու եւ շարք մը հայրենասիրական հասարակական կազմակերպութիւններուն հետ համագործակցութեան շարունակականութիւնը՝ պաշտպանութեան նախարարը նշած է, որ անհրաժեշտ է ընել ամէն ինչ որ կարելի է՝ մարտական գործողութիւններու մասնակիցներու սխրանքն ու հայրենանուէր գործունէութիւնը մնայուն կերպով հասարակութեան ներկայացնելու, երիտասարդ սերունդը անոնց օրինակով ոգեշնչելու եւ դաստիարակելու համար:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են հայրենիքի պաշտպանութեան մարտերուն մասնակցած անձերուն մարտական գործողութիւններուն մասնակիցի կարգավիճակի տուչութեան ընթացակարգին հետ կապուած օրէնսդրական եւ իրաւական շարք մը հարցեր, անդրադարձ կատարուած է կամաւորականներուն հետ տեղի ունեցած նախորդ հանդիպումներուն ընթացքին արծարծուած խնդրայարոյց հարցերուն ու ներկայացուած առաջարկներուն:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ