By Asbarez | Friday, 16 September 2016
ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>> - Տնտեսութեան նախարարի պաշտօնակատար Արծուիկ Մինասեան 15 Սեպտեմբերին լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին անդրադարձած է կառավարութեան նիստին ընթացքին իր եւ վարչապետին միջեւ տեղի ունեցած դէպքին:
Արձագանգելով այն դիտարկման, թէ այնպէս կարծուած է, որ վարչապետը չէ հաւատացած իրեն՝ Մինասեան ըսած է. <<Նորմալ եմ գնահատում, որովհետեւ վարչապետի աշխատանքներն ուղղուած են աշխատանքների բարելաւմանը, նաեւ տնտեսվարող սուբյէկտների եւ յատկապէս՝ ներդրողների գործերը թեթեւացնելուն: Այլ բառեր ու բառակապակցութիւններ ինձ համար երկրորդական նշանակութիւն ունեն, որովհետեւ այնպէս չէ, որ կոնկրետ արտօնութիւններ է այդ համակարգում էկոնոմիկայի նախարարութիւնն իրականացնում: Մասնաւորապէս՝ մաքսատուրքերի ազատման արտօնութեան համակարգը սկսւում եւ աւարտւում է կառավարութեան աշխատակազմով: Էկոնոմիկայի նախարարութիւնն այն պատասխանատու օղակն է, որն ամփոփում է բոլորի կարծիքները եւ կառավարութեան նիստում ներկայացնում վերջնական որոշումը: Ես հակուած չեմ որեւէ այլ գերատեսչութեան կամ գործընկերներիցս որեւէ մէկի վրայ բեռ բարդել, բայց համակարգային փոփոխութիւններ անհրաժեշտ են, այդ թւում՝ լիազօրութիւնների յստակեցման տեսանկիւնից>>:
Լրագրող մը դիտել տուած է, որ, ըստ երեւոյթին, նորանշանակ վարչապետը անհանգստացած է տնտեսութեան վիճակով՝ հարցնելով, որ նախարարը արդեօք համամի՞տ է այդ գնահատականներուն, եթէ՝ այո, ինչո՞ւ նախապէս չէ խօսուած այդ մասին։ <<Ես հասկանում եմ ձեր հարցադրումը եւ ամէն գնով փորձերը՝ բառերում սենսացիաներ գտնել, բայց ես հաւատացնում եմ ձեզ, որ տնտեսութեան առջեւ ծառացած են մարտահրաւէրներ, որոնք մի գուցէ այլ կառավարութիւնների ժամանակ այլ դրսեւորումներ են ունեցել: Ներկայումս դրանց մի մասն աւելի է սրուել: Բայց այն, որ տնտեսութիւնում անհրաժեշտ են այնպիսի փոփոխութիւններ, որոնք այդ մարտահրաւէրները շատ աւելի դիւրին ու արդիւնաւէտ կը տանեն, եւ, որ ամենակարեւորն է, մենք կ՛ունենանք այնպիսի տնտեսական կառուցուածք, որը երկարաժամկէտ առումով կայուն ու շատ աւելի բարձր աճ է ապահովուելու, դրա մասին ես էլ եմ խօսել>>:
Անոր համաձայն՝ տնտեսութեան կառուցուածքին մէջ պէտք է ըլլան այնպիսի փոփոխութիւններ, որոնք առարկայական ու շօշափելի պիտի դարձնեն երկրի պաշարներու արդիւնաւէտ զօրաշարժի ենթարկելն ու տնտեսութեան կազմակերպումը:
Անդրադառնալով մենաշնորհներու ու փտածութեան դէմ պայքարին՝ Մինասեան ըսած է, թէ կարելի չէ սպասել, որ հասարակութեան մէջ երկար ժամանակ արմատացած մօտեցումները մէկ օրուան, մէկ ժամուան մէջ, մէկ գրչի հարուածով վերացնել: Ըստ նախարարի պաշտօնակատարին՝ այդ գործընթացը պէտք է ըլլայ հիմնաւոր: Մինասեան նաեւ նշած է, որ մենաշնորհներու ու գերիշխող դիրք ունեցողներու հարցին մէջ պէտք է հետեւիլ սահմանադրական չափանիշներուն:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ