Բակօ Սահակեան անվտանգութեան ապահովման գրաւականը կը նկատէ ինքնիշխան պետութիւնը

By Asbarez | Friday, 16 September 2016

0916ArtshaxiOr25Amyak

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, <<Արմէնփրէս>> - Արցախի Հանրապետութեան նախագահական նստավայրին մէջ 15 Սեպտեմբերին տեղի ունեցած է պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութիւն՝ Լեռնային Ղարաբաղի հռչակման 25ամեակին առիթով:

Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան շնորհաւորած է բոլոր պարգեւատրուածները՝ նշելով, որ յոբելեանական այս տարուան ընթացքին տեղի պիտի ունենան պարգեւատրման քանի մը հանդիսաւոր արարողութիւններ: Ան ընդգծած է, որ անկախ, հզօր ու ինքնիշխան պետութիւնը բացառիկ արժէք է, նաեւ՝ մեր ժողովուրդի անվտանգութեան ապահովման, անոր յարատեւման ամէնէն յուսալի գրաւականը:

<<Համոզուած եմ, որ մենք կ՛ունենանք նորանոր յաջողութիւններ եւ ձեռքբերումներ: Համոզուած եմ, որովհետեւ մեր ժողովուրդն ունի անսասան ոգի, անկոտրում կամք, մեծ աշխատասիրութիւն ու լաւատեսութիւն, որոնք դրսեւորւում են ե՛ւ մարտի դաշտում, ե՛ւ խաղաղ պայմաններում>>, նշած է Բակօ Սահակեան:

Հանդիսութեան ներկայ եղած են Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանը, Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանը, վարչապետ Արա Յարութիւնեանը, պաշտօնատար այլ անձեր:

 



comments