By Asbarez | Friday, 16 September 2016
ԵՐԵՒԱՆ - 15 Սեպտեմբերին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի հանդիսութիւններու սրահին մէջ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին բարձր նախագահութեամբ տեղի ունեցած է շքանշաններու յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւն:
Վաստակաշատ գործունէութեան համար Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ <<Սուրբ Սահակ-Սուրբ Մեսրոպ>> պատուոյ բարձր շքանշան յանձնուած է հայ ժողովուրդի եւ հայ եկեղեցւոյ բարեկամ, հայագէտ հայր Աթանաս Շարլ Ռընուին (Ֆրանսա), որ այս օրերուն կը գտնուի Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին՝ արեւելեան ծէսի ուսումնասիրութեան ընկերութեան 6րդ միջազգային գիտաժողովին առիթով:
<<Սուրբ Սահակ-Սուրբ Մեսրոպ>> շքանշան շնորհուած է նաեւ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի նախագահ դոկտոր Արմէն Տէր Կիւրեղեանին՝ առ ի գնահատանք իր գիտամանկավարժական երկարամեայ գործունէութեան եւ հայ ժողովուրդին մատուցած արդիւնաբեր ծառայութիւններուն:
Արարողութիւնը սկսած է Տէրունական աղօթքով, ապա ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած է Մայր Աթոռի դիւանատան, Ներեկեղեցական յարաբերութիւններու գրասենեակի տնօրէն Պարոյր քհնյ. Աւետիսեանը:
Մեծարեալներուն արժանաւոր գործունէութեան ու վաստակին անդրադարձած են Մայր Աթոռի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժինի տնօրէն Շահէ Ծ. վարդապետ Անանեանը եւ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի փոխնախագահ Աշոտ Ղազարեանը:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ