Արամ Ա. Կաթողիկոս մեկնեցաւ Հայաստան` մասնակցելու Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակի ձեռնարկներուն

By Aztag Daily | Wednesday, 21 September 2016

Երկուշաբթի, 19 սեպտեմբեր 2016-ի երեկոյեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, ընդառաջելով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրին, մեկնեցաւ Հայաստան` մասնակից դառնալու Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն:

Արամ Ա. կաթողիկոսին կ’ընկերանան Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան, Նորայր եպս. Աշըգեան եւ Պետրոս վրդ. Մանուէլեան:

Հանրապետական Մաղթանք` Հայաստանի Հանրապետութեան
Անկախութեան 25-Ամեակին Առիթով

20 սեպտեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակին առիթով, Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Հանրապետական մաղթանք` հանդիսապետութեամբ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ ներկայութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի:

Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսը մայր եկեղեցի մուտք գործեցին եկեղեցականներու թափօրին ընկերակցութեամբ եւ խոնարհեցան հայոց հաւատքի հայր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին մասունքներուն դիմաց: Ապա, օրհնելով ներկայ հաւատաւոր ժողովուրդը, 14 եպիսկոպոսներու ընկերակցութեամբ Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. կաթողիկոսները բարձրացան Ս. խորան, ուր սկսաւ Հանրապետական մաղթանք` Հայաստանի Հանրապետութեան անսասանութեան ու պայծառութեան  եւ անոր ժողովուրդին խաղաղ ու բարօր կեանքին համար:

Արարողութեան աւարտին զոյգ կաթողիկոսները տուին իրենց օրհնութիւնն ու պատգամ յղեցին համայն հայ ժողովուրդին:

 


comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement