Իմ եւ վարչապետի միջեւ լարուածութիւն երբեւէ չի եղել - Արծուիկ Մինասեան

By Asbarez | Saturday, 24 September 2016

0924Ardzvig

ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>> - 23 Սեպտեմբերին տնտեսութեան նախարարի պաշտօնակատար Արծուիկ Մինասեան տուած է մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին ամփոփած է իր պաշտօնավարման եօթը ամիսիներուն ընթացքին կատարած աշխատանքները: Ան դիտել տուած է, որ որպէս ՀՅԴ ներկայացուցիչ կարեւոր եւ սկզբունքային է լրատուամիջոցներուն ներկայացնել հաշուետուութիւն՝ իրականացուած գործունէութեան ու կատարուելիք աշխատանքներուն մասին: Տնտեսութեան նախարարութիւնը կը միաւորէ 13 գերատեսչութիւններ ու լիազօրութիւններ, 30 հիմնարար ոլորտներ:

Արծուիկ Մինասեանի համաձայն՝ անկախ այն հանգամանքէն, թէ տնտեսութեան նախարարութիւն գոյութիւն պիտի ունենայ կամ ոչ, բոլոր պարագաներուն ալ կարեւոր պիտի ըլլայ հովանաւոր կազմակերպութիւններուն հետ համագործակցութեան, ներդրումային քաղաքականութեան, ազատ տնտեսական գօտիներու ուղղութեան, պետութիւն-մասնաւոր համագործակցութեան, տնտեսութեան կեանքին մէջ պետութեան մասնակցութեան, ներդրողներու աջակցութեան հայեցակարգի մշակման, գործարար միջավայրի բարելաւման, արդիւնաբերական արտահանման քաղաքականութեան վերանայումը:

Նախարարը առանձնացուցած է ապրիլեան պատերազմին զոհուած զինուորներուն ընտանիքները եկամտաբեր գործունէութեան մէջ ներգրաւելու օրէնսդրական նախաձեռնութիւնը՝ շեշտելով, որ այդ փաթեթը ամբողջութեամբ պատրաստ է եւ կը գտնուի կառավարութեան մօտ:

Ա. Մինասեան նշած է, որ իր պաշտօնավարման ժամանակ քատրային քաղաքականութեան ընթացքին միշտ առաջնորդուած է արհեստավարժութեան, հայրենասիրութեան եւ պատասխանատուութեան սկզբունքներով: Նախարարութիւնը այդ եօթը ամիսներուն աշխատած է գերծանրաբեռնուած:

<<Էկոնոմիկայի նախարարութիւնը կարիք ունի ռեֆորմների>>, յայտնած է նախարարը: Արծուիկ Մինասեան նշած է, որ տնտեսական քաղաքականութեան կեդրոնական հարցը կը մնայ <<տնտեսական դոկտրին>>ի մշակման հարցը, որ պատկերացում կու տայ տնտեսական բոլոր ուղղութիւններով կատարուելիք աշխատանքին մասին:

Լրագրող մը հարցուցած է, որ արդեօք լարուածութիւն կա՞յ վարչապետին ու Դաշնակցութեան նախարարներուն միջեւ՝ Արծուիկ Մինասեան պատասխանած է, որ չկայ լարուածութիւն, չկայ խնդիր, կայ բնականոն աշխատանքային ընթացք:

<<Վստահ եմ, որ թէ՛ ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինը, թէ՛ ՀՀԿ ղեկավար մարմինը քաղաքական համագործակցութեան յուշագիրը կեանքի կոչելու պատրաստակամութիւն ունեն, թուացեալ լարուածութիւնը աւելի շատ առանձին հատուածների ցանկութիւնն է, քան իրականում կայ: Աւելի լաւ չէ՞, որ կառավարութեան նիստերը լինեն բաց բանավէճային>>, շեշտած է ան։

Անոր համաձայն՝  իր եւ վարչապետին միջեւ երբեք լարուածութիւն չէ եղած, աւելի՛ն, ինք շնորհակալ է վարչապետին, որ ան յստակ տեսակէտ ունի այն մասին, թէ ինչպէս կարելի է թեթեւցնել գործարարներուն վրայ դրուած բեռը, ինչպէս նուազեցնել վարչարարութիւնը: <<Ես շարունակում եմ կատարել իմ պարտականութիւնները, հրաժարական տալու խնդիր չկայ, այս պահին ես ժամանակաւոր պաշտօնակատար եմ, կը շարունակեմ աշխատել այնքան ժամանակ, մինչեւ նոր հրաման չլինի>>, ըսած է Արծուիկ Մինասեան: Ան նաեւ նշած է, թէ ճիշդ է այն տեղեկութիւնը, որուն համաձայն, իրեն առաջակած են այլ ոլորտ ղեկավարել:

<<Այո՛, եղել է նման առաջարկ, ես որպէս ՀՅԴ ներկայացուցիչ այդ հարցը քննարկման առարկայ կը դարձնեմ ՀՅԴ Գերագոյն Մարմնում, որից յետոյ կը ներկայացնեմ իմ մօտեցումները: Եթէ կառավարութեան օրէնքի նախագիծն ընդունւում է, ապա էկոնոմիկայի նախարարութիւն չի լինում այլեւս, ինչը ինձ համար բնականաբար ընդունելի չէ, այդ մասին ես բարձրաձայնել եմ նաեւ կառավարութեան նիստի ժամանակ, ես դէմ եմ էկոնոմիկա բառը հանել անուանումից: Այո՛, վարչապետը այդ նախարարի (վերափոխուած էկոնոմիկայի) պաշտօնում այլ անձի տեսնելու ցանկութիւն է յայտնել, ես ամբիացիա չունեմ ամէն գնով պահպանելու իմ դիրքը: Եթէ կայ այլ անձ, ով աւելի արդիւնաւէտ կարող է իրականացնել այդ աշխատանքը, ապա խնդիր չեմ տեսնում, ես կարող եմ աջակցել նրան՝ յանուն տնտեսութեան զարգացման>>, ըսած է Արծուիկ Մինասեան։

Մինասեան դրական նկատած է այն, որ կառավարութեան մէջ աշխոյժ քննարկումներ կը կատարուին, գուցէ որոշ պահեր հրապարակման համար չեն, այլ զուտ աշխատանքային են, բայց վարչապետին կողմէ ոեւէ անձի վիրաւորելու միտում չկայ, եթէ կառավարութեան նիստին վարչապետին ու նախարարներուն միջեւ աշխոյժ քննարկում կայ, տեսակէտներու տարբերութիւններ եւ այլն, ապա ատիկա միայն գովելի է, անկէ կը շահի միայն հասարակութիւնը:

Արձագանգելով այն հարցումին, թէ ճի՞շդ են այն տեղեկութիւնները, թէ վարչապետը չ՛ուզեր աշխատիլ Դաւիթ Լոքեանի հետ՝ Արծուիկ Մինասեան հերքած է զանոնք: <<Նման բան չկայ, այսպիսի թեմա չկայ, յարաբերութիւնները զուտ աշխատանքային են, անձնական սիմպատիա կամ անտիպատիա ուղղակի չկայ>>, ըսած է Արծուիկ Միանսեան։

Աւելի ուշ, <<Ազատութեան>> հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան հաստատած էր, որ Դաշնակցութիւնը պիտի պահպանէ իր երեք նախարարութիւնները նոր կառավարութեան կազմին մէջ՝ նշելով, որ տնտեսութեան նախարարի պաշտօնակատար Արծուիկ Մինասեան պիտի նշանակուի բնապահպանութեան նախարար: <<Ես կարծում եմ՝ այո՛, կը պահպանի: Հիմնականում փոփոխութիւնները կատարւում էին մեր նախարարների շրջանակներում, եւ գնում ենք այդ ճանապարհով՝ փորձելով տնտեսական նոր համակարգեր ստեղծելու միջոցով որոշակիօրէն տնտեսութեան աճը աւելի կայուն դարձնել>>, նշած է Սահակեան։

 

 


comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement