50 Նորագիրներ միացան ՀՅԴի շարքերուն

By Asbarez | Tuesday, 27 September 2016

0927norakirner

0927vanatsor

ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>> - Շաբաթավերջին Հայաստանի մէջ երկու տարբեր շրջաններէ աւելի քան 50 նորագիրներ միացան ՀՅԴի շարքերուն։

23-25 Սեպտեմբերին Լոռիի մարզի Վանաձոր քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Դաշնակցութեան անդամակցած նորագիրներու համար նախատեսուած ծրագիրով երկրորդ սեմինար-բանակումը, որուն աւարտին տեղի ունեցաւ երդման արարողութիւն: Շուրջ երկու տասնեակ նոր ընկերներ միացան կուսակցութեան շարքերուն:

23 Սեպտեմբերին Կապանի զոհուած ազատամարտիկներուն նուիրուած Բաղաբուրջի յուշահամալիրին մէջ երեք տասնեակէ աւելի նորագիրներ համալրեցին ՀՅԴի շարքերը:

Երիտասարդները իրենց պատուով եւ հայրենիքով երդուեցին՝ միշտ հաւատարիմ մնալ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ծրագիրին, կանոնագիրին եւ որոշումներուն եւ իրենց բոլոր ուժերով, հարկ եղած պարագային նաեւ կեանքի գնով ծառայել Հայաստանի եւ հայութեան ազատագրութեան դատին:

 



comments