Արփինէ Յովհաննիսեան ներկայացուած է փտածութեան դէմ ռազմավարութեան վերաբերող նոր օրինագիծ

By Asbarez | Wednesday, 28 September 2016

0928arpine

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Հայաստանի Ազգային ժողովի արտակարգ նիստին ընթացքին քննարկուած է <<Վարչական իրաւախախտումներու վերաբերեալ Հայաստանի օրէնքին մէջ լրացումներ կատարելու մասին>> օրինագիծը:

Արդարադատութեան նախարար Արփինէ Յովհաննիսեան, ներկայացնելով օրինագիծը, նշած է, որ անոր նպատակն է կարգաւորել բարձրաստիճան պաշտօնատարներու եւ անոնց առնչուած անձերու եկամուտներու յայտարարագրման, գործընթացի ոչ պատշաճ իրականացման կամ սահմանուած ժամկէտին ընթացքին զայն չներկայացնելու պարագային յառաջացող իրաւայարաբերութիւնները:

<<Օրինագիծը մշակուել է հակակոռուպցիոն ռազմավարութեան շրջանակում: Այս նախաձեռնութիւնը նպատակ ունի կարգաւորելու յարաբերութիւններ, որոնք Հայաստանում թէպէտ նիւթական առումով կարգաւորուած էին, սակայն ոչ հետեւանքային: Հակակոռուպցիոն ռազմավարութեան շրջանակում այն ամենակարեւոր նախագծերից է>>, ըսած է Արփինէ Յովհաննիսեան:

Աւելի ուշ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նախարարը նաեւ դիտել տուած է, որ յառաջիկային արդարադատութեան նախարարութիւնը պիտի ամփոփէ եւ ներկայացնէ քանի մը օրինագիծեր, որոնցմէ առաջինը կը վերաբերի ապօրինի հարստացման քրէականացման:

<<Երկրորդը վերաբերում է իրական սեփականատէրերի բացայայտմանը, գնումների գործընթացում իրական սեփականատէրերի խնդրի կարեւորութեանը եւ, դրանից ելնելով, այս կամ այն կարգաւորումը նախատեսելուն: Վերջապէս, յաջորդ կարեւոր քայլը, որն, իմ համոզմամբ, կ՛ամփոփի այս ամէնը, հակակոռուպցիոն մարմնի հետ կապուած քննարկումներն են, որից յետոյ, անհրաժեշտութեան դէպքում, կը ներկայացուեն այդ մարմնին վերաբերող օրինագծեր>>, յայտնած է արդարադատութեան նախարարը: Ան նշած է, որ փտածութեան դէմ պայքարի մարմինին մէջ հատուածային լուծումներով կարելի չէ հասնիլ վերջնական արդիւնքի: <<Ինչպիսի մարմին էլ լինի, ինչ տեսքով էլ այն գործի, պէտք է ունենայ լծակներ, գործիքակազմ, մարմնի ղեկավարից էլ շատ բան է կախուած: Բոլոր պայմաններն էլ անհրաժեշտ են արդիւնքի հասնելու համար>>, նշած է ան։

Արփինէ Յովհաննիսեան նաեւ անդրադարձած է նուիրատուութիւններուն եւ փոխառութիւններուն՝ նշելով, որ յառաջիկային անոնց առնչուած թղթածրարներ եւս պիտի ներկայացուին։

 



comments