By Asbarez | Thursday, 29 September 2016
ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>> - Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան 28 Սեպտեմբերին Երեւանի թիւ 3 աւագ դպրոցին մէջ ներկայ գտնուած է <<Աշխարհի մեծագոյն դասը>> նախաձեռնութեան, որ կազմակերպուած է ՄԱԿի մանկական հիմնարկի (ԵՈՒՆԻՍԵՖ) հայաստանեան գրասենեակին հետ համագործակցաբար:
Լեւոն Մկրտչեան, խօսքը աշակերտներուն ուղղելով, ընդգծած է, որ այս նախաձեռնութեան նպատակը տակաւին նոր կեանքի սեմէն ներս մտնող երիտասարդներուն քաղաքակրթութեան մարտահրաւէրները հասու դարձնելն է. <<21րդ դարը հնարաւորութիւն է տալիս աշխարհի հիմնախնդիրները դիտարկել մէկ ամբողջութեան մէջ: Անկախ այն հանգամանքից, թէ որտեղ ենք ապրում, մենք բոլորս Երկիր մոլորակի զաւակներն ենք, եւ մոլորակի խնդիրները թակում են իւրաքանչիւրիս դուռը: Փոքր երկրների համար, ինչպիսին Հայաստանն է, շատ կարեւոր է, որպէսզի երիտասարդ մարդն իրեն զգայ մոլորակի մի մասնիկը եւ պատասխանատուութիւն կրի լուծելու ոչ միայն մեր հանրապետութեան, տարածաշրջանի առջեւ ծառացած հիմնախնդիրները, այլեւ մտահոգ լինի աշխարհի զարգացմամբ>>, իր խօսքին մէջ նշած է նախարարը:
Լեւոն Մկրտչեանի համաձայն՝ կայուն զարգացման մարտահրաւէրները՝ բնապահպանական հարցեր, աղքատութեան յաղթահարում, տնտեսութեան զարգացում, կլիմայի փոփոխութիւն եւ այլն, խնդիրներ են, որոնց լուծումը համամարդկային ջանքեր կը պահանջէ եւ երիտասարդութեան կը սորվեցնէ մտածել համամարդկային պատասխանատուութեան չափանիշով, որ շատ անհրաժեշտ է մեր կրթական համակարգին:
Նախարար Մկրտչեան դիտել տուած է, որ մեծ հարցերու լուծումը կը սկսի անձնական խնդիրներու լուծումէն։ <<Ամէն ինչ սկսւում է սեփական տնից. մենք չենք կարողանայ իրագործել գլոբալ համամարդկային խնդիրների լուծում, եթէ այդ նոյն խնդիրները չկարողանանք լուծել մեր երկրում, մեր հասարակութեան համար: Առաջիկայ տարիներին, երբ դուք կը շարունակէք ձեր կրթութիւնը, ապա նաեւ կ՛անցնէք աշխատանքային գործունէութեան, յիշէք՝ դուք մեծ ժողովրդի արժանի զաւակն էք: Ժողովրդի մեծութիւնը քանակով չի չափւում, այլ այն հետքով, որը նա թողել է համաշխարհային քաղաքականութեան մէջ: Մեր ժողովրդի իւրայատկութիւնը կայանում է նրանում, որ մենք անյիշելի ժամանակներից, քայլելով պատմութեան քառուղիներում, կարողացել ենք ժամանակակից աշխարհի բոլոր մարտահրաւէրներին համարժէք, առաջադէմ լուծումներ գտնել: Մեր ժողովուրդը կարողացել է իր ներդրումն ունենալ համաշխարհային նշանակութեան բոլոր ոլորտներում. երաժշտութիւն, գրականութիւն, գիտութիւն, արուեստ, աստղագիտութիւն ամէն տեղ հայկական հետքը կայ: Փոքր ժողովրդի համար հնարաւոր չէ փակուել եւ մնալ սեփական տարածքի մէջ, միեւնոյն է, բոլոր հանճարեղ գաղափարները ճեղքում են սահմանները>>, նշած է Լ. Մկրտչեան՝ աւելցնելով, որ այժմ մեր 25ամեայ անկախ պետութեան նոր սերունդը անկախութիւնը պէտք է բարձրացնէ համաշխարհային մակարդակի: Նախարարը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է ՄԱԿին՝ համագործակցութեան համար, նշելով, որ այս տարիներուն կարելի եղած է համաշխարհային տարողութիւն ունեցող հարցերուն տեղական լուծումներ գտնել:
Հայաստանի մէջ ԵՈՒՆԻՍԵՖի ներկայացուցիչ Թանիա Ռատոչա իր խօսքին մէջ նշած է, որ կը կիսէ նախարարին կարծիքը, որ Հայաստան մեծ ներդրում ունեցած է համամարդկային քաղաքակրթութեան ոլորտին մէջ. <<Անկախ պետութեան չափերէն, կարեւորը այն ուժն է, պատգամը, որ հայերն ու պետութիւնը ունին աշխարհին փոխանցելու: Ձեզմէ իւրաքանչիւրը մէկական հերոս է, քանի որ բոլորիդ մէջ կայ բան մը փոխելու ուժը>>, յայտնած է ան։
Բաց դասի ընթացքին աշակերտները կատարած են խմբային աշխատանք՝ կայուն զարգացման նպատակներու վերաբերեալ, ներ-կայացուցած են իրենց առաջարկներն ու զեկոյցները՝ անոնց մէջ ամփոփելով Հայաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն վերաբերեալ իրենց պատկերացումները: Դասի աւարտին նախարարն ու ԵՈՒՆԻՍԵՖի ներկայացուցիչը պատասխանած են աշակերտներուն հարցումներուն:
Նշենք, որ այսօր աշխարհի մեծագոյն դասը տրուած է 25 լեզուով աշխարհի աւելի քան 160 երկրի 500 միլիոն դպրոցականներու համար:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ