Արցախի առնչութեամբ Դաշնակցութեան կեցուածքը կը տարբերի ՀՀԿի դիրքորոշումէն

By Asbarez | Saturday, 01 October 2016



ԵՐԵՒԱՆ, <<168 ժամ>> - ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան <<168 ժամ>>ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան հետ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան համագործակցութեան համաձայնագիրը Արցախի հարցի լուծման կէտեր չ՛ընդգրկեր. <<Դրա համար էլ ՀՅԴի կեցուածքն ընդհանուր առմամբ մէկ է, կարելի է յայտարարութիւնների մէջ շեշտադրումների տարբերութիւններ անել>>, նշած է ան: Յիշեցնենք, որ ՀՅԴի, ՍԴՀԿի եւ ՌԱԿի Արեւմտեան Ամերիկայի ղեկավար մարմինները Հայաստանի 25ամեակին առիթով հրապարակած էին յայտարարութիւն մը՝ նշելով, որ դէմ են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման մէջ <<Հող՝ խաղաղութեան համար>> հնչող փոխզիջման տարբերակին եւ հաստատած էին, որ Արցախի ազատագրուած ոչ մէկ տարածք կրնայ զիջման առարկայ ըլլալ:

Կ. Մանոյեանի համաձայն՝ Միացեալ Նահանգներէն կատարուած յայտարարութիւնը միայն Դաշնակցութեան կեցուածքը չէ, այլ անոր տակ ստորագրած են նաեւ միւս երկու ազգային կուսակցութիւնները, ուրեմն՝ այդ յայտարարութիւնը միայն Դաշնակցութեան մօտեցման դրսեւորումը չէ. <<ՀՅԴն իր տեսակէտը յայտնել է, որը տարբերւում է ՀՀԿի կեցուածքից: Այսինքն՝ որոշ բաներ, որ կատարուել են նախագահի կողմից, իշխանութիւնների կողմից, արդէն արտայայտել ենք մեր տեսակէտը, որ անպայման չենք կիսում այդ մօտեցումները: Այսինքն՝ այդ յայտարարութեան մէջ նորութիւն չկայ այն իմաստով, որ տարբեր բան չեն ասել, հակասութիւն, առաւել եւս, չկայ>>:

Բիւրոյի անդամին համաձայն՝ Դաշնակցութիւնը միակ կազմակերութիւնն են, որ թէ՛ Հայաստանի մէջ ունի կառոյց, թէ՛ Արցախի մէջ, եւ թէ Սփիւռքի մէջ, եւ այդ կեցուածքը բոլորինն է:

<<Մենք նոյնիսկ 2005-2006 թուականին, երբ Արցախի Սահմանադրութիւնը մշակւում էր, ասել ենք, որ անհրաժեշտ է, որ Սահմանադրութեան մէջ յստակ նշուի, որ փաստացի սահմաններն արդէն իրաւական սահմաններն են, դա այն ժամանակ մերժուեց: Վերջերս էլ Արցախի անկախութեան կամ Արցախի Հանրապետութեան 25ամեակի առիթով կուսակցութեան յայտարարութեան մէջ անդրադարձ կար նաեւ, որ, եթէ նոր սահմանադրական փոփոխութիւններ պէտք լինեն, անհրաժեշտ է նաեւ այդ հարցը դարձեալ արծարծել եւ այդ հարցին անդրադառնալ նաեւ սահմանադրական փոփոխութիւնների շրջանակում, որովհետեւ մենք այսօր ունենք թիւ 142 յօդուածը, եւ այդ յօդուածն աւելի շատ խօսում է փոխանցման շրջանի մասին, անցումային շրջանի մասին եւ ոչ թէ՝ ամրագրում է, որ այդ տարածքներն իրաւական սահմաններն են>>, նշած է Մանոյեան։

Պատասխանելով լրագրողին այն հարցումին, թէ՝ նկատի առնելով այն, որ ՀՀԿ կուսակցութեան դիրքորոշումը այլ է, փոխզիջումներու պարագային ի՞նչ պիտի ըլլայ, կրնա՞յ ըլլալ, որ ՀՅԴի եւ ՀՀԿի համագործակցութեան յուշագիրը չեղեալ յայտարարուի՝ Կ. Մանոյեան ըսած է. <<Մենք դեռ չենք հասել այնտեղ, մենք շտապում ենք, ծովը չտեսած՝ բոբիկանում ենք, հարցը չի հասել այնտեղ, որ արդէն վաղը կարգաւորուելու է: Այսօր կան արուելիք  հարցեր՝ Արցախի հետ կապուած, դրա վրայ պէտք է կենտրոնանալ, եւ ոչ թէ՝ փորձել ստեղծել մի իրավիճակ, որ իրականում չկայ: Երբ փոխարտգործնախարարը նոյնիսկ յայտարարում է, որ Ապրիլից յետոյ իրավիճակը փոխուել է, եւ միջնորդների առաջարկները պէտք է փոխուեն, դա արդէն խօսում է այն մասին, որ իշխանութիւնն է ինչ-որ չափով իր կեցուածքը փոխում, եւ ոչ թէ՝ հակառակ ուղղութեամբ: Կարծում եմ՝ ի զուր տեղը պէտք չէ շտապենք, քանի որ հարցն այդտեղ չի հասել, հարցը չի հասել կարգաւորման փուլի, նոյնիսկ բանակցութիւնները կարգաւորման փուլի մէջ չեն, խօսքը գնում է զինադադարի ռեժիմն ամրագրելու, ամրապնդելու եւ վերահսկողութեան մեխանիզմներ հաստատելու մասին: Այսօրուայ առաջնահերթութիւնը սա է, համաձայնագիրը ՀՀԿի հետ հազար տարուայ համար չէ, ժամանակի ընթացքին նայենք՝ երբ ինչ կը լինի, բայց դեռ այդտեղ չենք հասել, որ հարցը կարգաւորւում է, եւ այդ տեսակէտների տարբերութիւնը մեծ խնդիր է>>։


 

 

comments