Հրամանատարական կազմերու եռօրեայ զօրավարժութիւններ

By Asbarez | Tuesday, 04 October 2016

1004milexercise

ԵՐԵՒԱՆ - Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան երկրորդ զօրամիաւորումին մէջ 27-29 Սեպտեմբերին տեղի ունեցած է հրամանատարական կազմերու ղեկավար մարմիններու զօրավարժութիւն, որուն նպատակն էր <<Բարձր>> մարտական պատրաստականութեան բերման ժամանակ ստուգել զօրամասերու սպաներու պատրաստութիւնը, մարզել զօրամասերու, գումարտակներու վարչակազմերը, բարձրացնել անձնակազմի ունակութիւնները՝ որոշումներ տալու, մարտական խնդիրներու առաջադրման ու մարտական գործողութիւններ վարելու, կատարելագործել զօրամասերու եւ գումարտակներու ղեկավարման մարմիններու ներդաշնակ աշխատանքը:

Պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ եռօրեայ զօրավարժութիւնը կատարուած է երեք փուլով: Ենթակայ զօրամասերը եւ ստորաբաժանումները դրուած են <<Բարձր>> մարտական պատրաստականութեան աստիճանի վրայ. <<Իրականացուել են բացազատման շրջանի զբաղեցման, հրամանատարական եւ ղեկավարման կէտերի ծաւալման եւ կահաւորման գործողութիւններ, ստացուել է պաշտպանական մարտի նախնական մարտական կարգադրութիւնը, պարզաբանուել են խնդիրները, զօրավարժութեան ղեկավարին զեկուցուել է պաշտպանական մարտի մտայղացումը: Տեղանքում ճշգրտուել են հակառակորդի հաւանական գործողութիւնները, մշակուել եւ հաստատուել են պաշտպանական մարտի նախապատրաստման անհրաժեշտ բոլոր փաստաթղթերը: Հրամանատարաշտաբային զօրավարժութեան ընթացքում խաղարկուել են պաշտպանողական մարտի վարման, գրոհի յետ մղման, պաշտպանութեան խորքը մխրճուած հակառակորդի ջախջախման, հակագրոհի անցկացման եւ առաջնագծի վերականգնման գործողութիւններ>>, նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Զօրավարժութեան արդիւնքներու ամփոփման ընթացքին զօրամիրաւորման հրամանատար, գնդապետ Դաւիթ Մանուկեան բարձր գնահատած է ներգրաւուած ստորաբաժանումներու գործողութիւնները՝ շեշտելով, որ արձանագրուած լաւ ցուցանիշները ամէնօրեայ քրտնաջան աշխատանքի եւ նուիրումի արդիւնքն են։


 


comments