By Asbarez | Wednesday, 05 October 2016

ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>> - 4 Հոկտեմբերին լրագրողներու հետ զրուցած է ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան, որ ամփոփած է տեղական ինքնակառավարման մարմիններու (ՏԻՄ) ընտրութիւններուն արդիւնքները: Ըստ անոր՝ այս ընտրութիւնները որակական առումով տարբեր էին նախորդներէն՝ քաղաքականացած ըլլալով, մր-ցակցութեան բարձր մակարդակով, ինչ որ դրական կը նկատուի:
<<Կարծես թէ ճնշումների ու մեծ թուով ընտրախախտումների վերաբերեալ ահազանգեր չկային, դա էլ յուսադրող է>>, ըսած է Վարդանեան:
Խօսելով ՏԻՄ ընտրութիւններու արդիւնքներուն մասին՝ ան նշած է, որ Դաշնակցութիւնը չէ ունեցած ոեւէ համայնքապետ, որ գործող էր եւ որ չէ վերընտրուած։ Կայ 2-3 դէպք, որ կը վերաբերի միաւորուած համայնքներուն, օրինակ՝ Շիրակի մարզին մէջ, ուր 10-11 համայնքներ միաւորուած են, եւ ուր փոքր համայնքի մը մէջ Դաշնակցութիւնը ունեցած է համայնքապետ մը, որ չէ վերընտրուած։ Եղած են նաեւ համայնքներ, ուր ՀՅԴի պաշտպանած թեկնածուները յաղթած են 17-20 տարուան գիւղապետերուն՝ Գեղարքունիքի մարզի Գեղամաւան գիւղին եւ Կոտայքի մարզի Զովունի գիւղին մէջ:
Գիւմրիի ու Վանաձորի ընտրութիւններուն առնչութեամբ Աղուան Վարդանեան դիտել տուած է, որ Դաշնակցութիւնը բաւարարուած չէ արդիւնքներով։ Եթէ Վանաձորի մէջ ՀՅԴն կրցաւ յաղթահարել 6.4 տոկոսի շեմը, որ, ըստ Վարդանեանի, դարձեալ ցած արդիւնք է, ապա Գիւմրիի մէջ ՀՅԴն նոյնիսկ այդ շեմը չյաղթահարեց: <<Բնականաբար, Վանաձորի ու Գիւմրիի արդիւնքներից դժգոհ ենք>>, դիտել տուած է ան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ արդիւնքներ կ՛ակնկալէին՝ Աղուան Վարդանեան ըսած է, որ Գիւմրիի մէջ ՀՅԴի խումբը բաւական աշխոյժ կերպով աշխատած է, թեկնածուներու ցանկերը եղած են բաւական ներկայանալի: Այսպէս՝ ցանկը գլխաւորողը բժիշկ Աշոտ Կուրղինեանն էր, որ իր յատկանիշներով ու մտածողութեամբ շատ աշխոյժ թեկնածու էր, երկրորդ դիրքի վրայ էր Գիւմրիի մէջ յայտնի ակադեմիկոս Սերգէյ Նազարէթեան, որ ճանչցուած է որպէս լուրջ գիտնական եւ հեղինակութիւն ունեցող մարդ, երրորդը Արաքսեա Մարգարեանն էր, որ արուեստաբան է, դասախօս, գիտութիւններու թեկնածու, այսինքն՝ Դաշնակցութիւնը փորձած է ներկայանալ նոր դէմքերով եւ որոշ չափով տարբեր յատկութիւններ ունեցող թեկնածուներով՝ նկատի ունենալով Գիւմրիի որոշակի պառակտուածութիւնը տարբեր խումբերու ու թաղային հեղինակութիւններուն միջեւ:
<<Ցաւօք, այս մեխանիզմը կարծես թէ չաշխատեց, ես վստահ էի, որ Գիւմրիում մենք նուազագոյնը 10 տոկոս ձայն կը հաւաքենք, բայց եկէք այստեղ էլ անկեղծ լինենք մինչեւ վերջ. եթէ մենք նայում ենք ՏԻՄ ընտրութիւնները եւ առաջին անգամ անցկացուող համամասնական կու-սակցական ցուցակներով ընտրութիւնները, տեսնում ենք, թէ ինչ խառնուրդ է առաջանում՝ դեռ մինչեւ վերջ քաղաքականացուած չէ, եւ դեռ էական նշանակութիւն ու ազդեցութիւն ունեն տեղական թաղային հեղինակութիւնների, տարբեր խմբաւորումների շահերը: Քուէարկութիւններն էլ դրանցով են առաջնորդւում: Այստեղ մենք մտածելու, վերլուծելու լուրջ խնդիր ունենք: Ես արդէն յանձնարարել եմ մեր տեղական կառոյցների պատասխանատուներին, որ ամբողջական վերլուծութիւն ներկայացնեն թէ՛ Վանաձորի, թէ՛ Գիւմրիի համար, համաչա՞փ են, արդեօք, բաշխուել մեր ձայները, թէ կան տարբերութիւններ: Լուրջ հետեւութիւններ պէտք է անենք>>, ըսած է Աղուան Վարդանեան:
Լրագրող մը հարցուցած է, որ Գիւմրիի ընտրութիւններուն ոչ գոհացուցիչ արդիւնքներուն մէջ Դաշնակցութիւնը արդեօք Շիրակի մարզպետի թերացումը կը տեսնէ. Ա. Վարդանեան ըսած է, որ պէտք չէ մեկնիլ այն կանխատրամադրուածութենէն, թէ մարզպետը ամէն ինչ կ՛ընէ, որպէսզի ձայն ապահովէ իր կուսակցութեան համար: <<Մենք չենք ելնում այդ կանխադրոյթից: Եթէ միւս բոլոր պարագաներում մենք բողոքում ենք այլ մարզպետերի գործունէութիւնից, եկէք նոյն բանը չպրոյեկտենք այստեղ: Մենք ելնում ենք այն կանխադրոյթից, որ մարզպետը պէտք է աշխատի, իր գործառոյթները կատարի, ոչ թէ կուսակցութեան համար ձայն բերի: Եւ իր գործառոյթները լաւ կատարելով՝ նաեւ համակրանք շահի դէպի իր ներկայացրած կուսակցութիւնը: Արդեօք այս կարճ ժամանակում Շիրակի մարզպետը կարողացա՞ւ դա անել, կարող եմ ասել, որ՝ ոչ, բայց եկէք չելնենք միւս կանխադրոյթից>>, ըսած է Աղուան Վարդանեան:
Լրագրող մը հարցուցած է. <<Արդեօք ՀՀԿի հետ քաղաքական համագործակցութիւնն այս ընթացքում իր արդիւնքը տուե՞ց, թէ ՀՅԴ խոստումները չիրականացան, եւ ստացուեց ՏԻՄ ընտրութիւների այն արդիւնքը, որը գրանցեց ՀՅԴն>>: Ի պատասխան՝ Աղուան Վարդանեան դիտել տուած է, որ այն խնդիրները, որոնք ձեւակերպուած են ՀՀԿ-ՀՅԴ քաղաքական համաձայնագիրին մէջ, երկրի համար ամէնէն անհրաժեշտ եւ ճիշդ ընտրուած ուղղութիւններն են, որոնք կը բխին նոր սահմանադրութենէն: Ըստ Վարդանեանի՝ ակնյայտ է, որ Դաշնակցութիւնը այդտեղ ուշացած է եւ յստակ ու ճշգրիտ արդիւնքներ չունի, բայց ակնյայտ է նաեւ այն, որ Դաշնակցութիւնը ունի հիմք՝ նոր կառավարութեան ձեւաւորմամբ խնդիրները յստակ կերպով մատնանշելու։
<<Վստահ եմ, որ այդ առումով դրական սպասելիքներ առաջանալու են, նաեւ՝ 2017ի ընտրութիւնների համար: Եկէք չշփոթենք ՏԻՄ ընտրութիւնները եւ համապետական ընտրութիւնները: Ես ձեզ վստահեցնում եմ, անուններ չտամ, բայց եկէք վերցնենք Վանաձորն ու Գիւմրին. կոնկրետ քաղաքական ուժերի համար ինչ էական դերակատարութիւն է ունեցել կոնկրետ անձի՝ այդ կուսակցութեան առաջին համար լինելը: Վանաձորում կար մարդ, ով, ամենայն հաւանականութեամբ, կարող էր լինել Հանրապետական կուսակցութեան ցուցակում, բայց գնաց այլ կուսակցութեան ցուցակի առաջին համարը զբաղեցրեց եւ իր անձնական ձայներով այդ կուսակցութեան համար ձայներ ապահովեց: Այդ ձայները փոխակերպուելո՞ւ են պառլամենտականի դէպքում, ես վստահ չեմ, համոզուած եմ, որ հակառակն է լինելու>>, ըսած է Վարդանեան։
Ընտրական խախտումներուն վերաբերեալ ահազանգերուն գծով Աղուան Վարդանեան դիտել տուած է, որ, նախորդ ՏԻՄ ընտրութիւններուն հետ բաղդատելով, չկան էական փաստեր լուրջ ընտրակեղծիքներու վերաբերեալ: <<Ես չգիտեմ մի մարդ, ով գալիս, ասում է՝ ինձ ընտրակաշառք են բաժանել, եւ ես գնացել եմ, ընտրել, նման փաստ չկայ: Ունենք հասարակութեան վերափոխման խնդիր, որը մէկ օրուայ հարց չէ: Վստահ եմ, որ այս ՏԻՄ ընտրութիւնները որակապէս շատ աւելի մրցակցային էին, ճնշումներից ու վարչական ռեսուրսից աւելի զերծ էին, բայց քանի որ տեղական ընտրութիւններ էին, կարեւոր դերակատարութիւն են ունեցել բազմաթիւ այլ գործօններ>>, յայտնած է պատգամաւորը:
Լրագրողները հարցուցած են շրջան ընող այն խօսակցութիւններուն մասին, որոնց համաձայն, Դաշնակցութիւնը եւս ընտրակաշառք բաժնած է, յատկապէս՝ Կապանի մէջ: <<Ես ձեզ հաւաստիացնում եմ, որ ե՛ւ Կապանում, ե՛ւ Վանաձորում, ե՛ւ Գիւմրիում, ե՛ւ որեւէ տեղ Դաշնակցութիւնը ընտրակաշառքով ձայներ չի փորձել վերցնել: Այսօրուայ տարբեր քաղաքական ուժերի ունեցած ֆինանսական հնարաւորութիւնների պայմաններում փորձել ֆինանսապէս մրցակցել, ուղղակի լուրջ չէ, անիմաստ է եւ ինքնին կը նշանակի դատապարտուածութիւն: Մենք այդ քայլին երբեք չենք գնայ>>, դիտել տուած է Աղուան Վարդանեան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ