Գազպրոմ Արմէնիան համակարգիչներ տրամադրած է Արցախի կրթական հաստատութիւններուն

By Asbarez | Saturday, 08 October 2016

1008gazprom

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - <<Գազպրոմ Արմէնիա>> ընկերութիւնը անգամ մը եւս բարեսիրական ծրագիր իրականացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ՝ համակարգիչներ տրամադրելով կրթական հաստատութիւններուն:

<<Գազպրոմ Արմէնիա>>էն <<Նի-ուզ>>ին յայտնած են, որ այս տարի Լեռնային Ղարաբաղի կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան հետ համադրաբար մշակուեցաւ ծրագիր մը, որուն համաձայն, 20 կրթական հաստատութիւններ, որոնց կարգին չորս մանկապատանեկան եւ ճատրակի դպրոցներ ստացան համակարգիչներ եւ համապատասխան պարագաներ:

Իսկ Ստեփանակերտի Ե. Չարենցի անուան թիւ 7 հիմնական դպրոցին մէջ բացուած է համակարգչային դասարան, որուն համար <<Գազպրոմ Արմէնիա>> ընկերութիւնը տրամադրած է 11 համակարգիչ:

Համակարգչային դասարան բացուած է նաեւ Քաշաթաղի Գողթանիկ համայնքի միջնակարգ դպրոցին մէջ:

Լեռնային Ղարաբաղի կրթական ոլորտի պատասխանատուները նշած են, որ <<Գազպրոմ Արմենիա>> ընկերութեան այս նախաձեռնութիւնը շատ անհրաժեշտ  եւ կարեւոր է կրթական հաստատութիւններուն համար, քանի որ այսօր ժամանակակից արհեստագիտութեան կիրարկումը առանցքային դերակատարութիւն ունի ուսուցման գործընթացքին մէջ:

<<Այս տարի մենք նուէր ստացանք <<Գազպրոմ Արմէնիա>> ընկերութիւնից, որը մեծ պատրաստակամութեամբ տրամադրեց համակարգիչներ, որոնցով կը համալրուի դպրոցների նիւթատեխնիկական բազան: Շատ կարեւոր է, որ համակարգիչներ եւ համապատասխան պարագաներ ստացան ոչ միայն Ստեփանակերտի ուսումնական հաստատութիւնները, այլ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մի շարք գիւղական համայնքների դպրոցներ>>, յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Էրիկ Գրիգորեան:


 


comments