By Aztag Daily | Tuesday, 11 October 2016

Անդրադառնալով մարզպետներու փոփոխութեան եւ այն դիտարկումին, որ մարզպետի պաշտօնէն ազատ կացուցուած են մարդիկ, որոնք մեծ նշանակութիւն ունեցած են իշխանութեան համար, ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան <<Առաջին լրատուական>>-ին հետ զրոյցին նշեց. <<Աստուած կը տեսնէ անոնց կատարածը, եւ ըստ այդմ ալ բոլորը իրենց վարձքը կը ստանան>>:
Անդրադառնալով Սիւնիքի մարզպետ Սուրիկ Խաչատրեանի պաշտօնանկութեան` Արմէն Ռուստամեան նշեց, որ ինք եւս անհրաժեշտ կը նկատէր Սիւնիքի մարզպետի փոփոխութիւնը. <<Երբ ան նշանակուեցաւ, բաւական լուրջ ընդվզում կար, հիմա որ պաշտօնանկ եղած է, անոնք որոնք դէմ էին, գոհ պէտք է ըլլան>>:
Շիրակի մարզպետին վերաբերեալ ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավարը նշեց. <<ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը Շիրակի մարզպետին նկատմամբ քննութիւն բացած է, որմէ ետք ուսումնասիրութիւններու հիմամբ որոշում կը տրուի>>:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ