By Aztag Daily | Tuesday, 11 October 2016

Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւնը (ՀՀԿ) եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը Վանաձորի աւագանիին մէջ համագործակցութեան մասին որոշում տուած են:
<<Թերթ>>-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին այս մասին ըսաւ ՀՀԿ-ի փոխնախագահ Արմէն Աշոտեանը:
Վերջինս նշեց, որ Հանրապետականն ու Դաշնակցութիւնը իրարու հետ աշխատելու մեծ փորձառութիւն ունին, իսկ այս տարի ստորագրուած քաղաքական համագործակցութեան մասին յուշագիրը կարելիութիւն կու տայ համագործակցելու նաեւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու մակարդակին վրայ:
Մանրամասնելով` Արմէն Աշոտեանը ըսաւ, որ երկու կուսակցութիւններու կառոյցները Վանաձորի մէջ բանակցած են եւ ունին որոշում սատարման մասին:
<<Վստահ եմ, որ համագործակցութեան այս դաշինքը հիմք պիտի հանդիսանայ Վանաձորի հետագայ զարգացման շուրջ կառուցողական միացեալ աշխատանքի համար>>, նշեց Արմէն Աշոտեան:
Ըստ ՀՀԿ-ի փոխնախագահին, ՀՀԿ-ՀՅԴ գործընկերութիւնը կը յաղթահարէ քաղաքական անջրպետները, որովհետեւ կայ Վանաձորը զարգացնելու ցանկութիւն:
Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեանն ալ <<Թերթ>>-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, որ ցաւօք, Դաշնակցութիւնը աւագանիի երկու անդամ կ՛ունենայ Վանաձորի մէջ, որոնք երկուշաբթի օրուան (երէկուան) աւագանիի նիստին պիտի քուէարկեն գործընկեր ՀՀԿ-ի թեկնածուին օգտին:
Նշենք, որ ՀՀԿ-ի ու ՀՅԴ-ի համագործակցութեան արդիւնքով երկու ուժերը աւագանիին մէջ կ՛ունենան 15 աթոռ:
Վանաձորի Քաղաքապետ Ընտրուեցաւ ՀՀԿ-ի Թեկնածու Մամիկոն Ասլանեան
Վանաձորի աւագանիին կողմէ քաղաքապետի ընտրութեան քուէարկութիւնը կատարուեցաւ երէկ` երկուշաբթի, 10 հոկտեմբեր 2016-ին: Յաղթեց ՀՀԿ-ի թեկնածու Մամիկոն Ասլանեան` 19 ձայնով, իսկ Քրիստ Մարուքեան հաւաքեց 14 ձայն:
Նշենք, որ երեք ուժեր` Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը, <<Լուսաւոր Հայաստան>>-ը եւ <<Հայկական վերածնունդ>>-ը համաձայնած էին պաշտպանել Քրիստ Մարուքեանի թեկնածութիւնը: Քուէարկութեան արդիւնքները ցոյց տուին, որ երեք ուժերը ներկայացնող աւագանիի անդամներէն 5-ը խախտած են համաձայնութիւնը եւ քուէարկած են Մամիկոն Ասլանեանի օգտին:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ