Նիւ Եորքի Մէջ Փոխվարչապետը Ներկայացուցած Է Հայաստանի Մէջ Գործարարական Առաւելութիւնները

By Asbarez | Thursday, 13 October 2016

1013vachekaprielian

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի փոխվարչապետ, միջազգային տնտեսական համարկման եւ բարեփոխումներու նախարար Վաչէ Գաբրիէլեան Նիւ Եորք քաղաքին մէջ, «Հայաստան» ներդրումային համաժողովի ծիրին մէջ, հանդէս եկած է ելոյթով՝ ներկայացնելով Հայաստանի մէջ գործարարութիւն կատարելու կարելիութիւններն ու առաւելութիւնները:

Հայաստանի փոխվարչապետը մասնաւորաբար նշած է, որ Հայաստան կը յատկանշուի գործարարական միջավայրի ազատականացման աստիճանով, եւ, Համաշխարհային դրամատան գործարարութեամբ զբաղելու դիւրութեան ցուցանիշով, Հայաստան 189 պետութիւններու շարքին մէջ 35րդ դիրքի վրայ է, իսկ գործարարութիւն հիմնադրելու ցուցանիշով 5րդն է:

Հայաստանի փոխվարչապետը անդրադարձած է Հայաստանի աշխարհագրական դիրքին ու անոր առանձնայատկութիւններուն, կառավարման համակարգին, ինչպէս նաեւ տեղեկութիւններ փոխանցած է երկիր մուտքի անցագիրերուն, հասանելի երթեւեկելիութեան, հաղորդակցութեան եւ ուժանիւթի ենթակառուցուածքներուն վերաբերեալ: Անդրադառնալով այն հարցադրման, թէ «Ինչո՞ւ Հայաստան»՝ Վաչէ Գաբրիէլեան մատնանշած է քանի մը պատճառներ Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարելու եւ գործարարութեամբ զբաղելու համար: Յատուկ կերպով լուսարձակի տակ առնուած են այն օգուտներն ու հնարաւորութիւնները, որոնք կարելիութիւն տուած են Հայաստանին՝ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութեան, Եւրոմիութեան GSP+ եւ Միացեալ Նահանգներու հետ GSP առեւտրային համակարգի առկայութեան՝ Վրաստանի եւ Իրանի հետ համագործակցութեան իբրեւ արդիւնք:

Վաչէ Գաբրիէլեան նշած է, որ Հայաստանի մէջ գործարար միջավայրը առաւել արդիւնաւէտ դարձնելու համար կը բարեփոխուին հարկային եւ մաքսային ոլորտները: Իսկ Հայաստանի Ազգային ժողովին կողմէ վերջերս ընդունուած Հարկային օրէնսգիրքը արտօնութիւններ կը ճշդէ ներդրողներուն ու գործարարներուն համար:

comments