Ազգային ժողովը համաձայնութիւն տուաւ նոր կառավարութեան ծրագիրին

By Asbarez | Saturday, 22 October 2016

1022budget

ԵՐԵՒԱՆ - 21 Հոկտեմբերին Ազգային ժողովի համաձայնութեան արժանացաւ նոր կառավարութեան ծրագիրը:

85 թեր, 7 դէմ, 6 ձեռնպահ քուէներու յարաբերակցութեամբ ընդունուեցաւ Կարէն Կարապետեանի ներկայացուցած տնտեսական փաստաթուղթը։

Քուէարկութենէն ետք հնչեցին ծափահարութիւններ:

Թեր քուէարկեցին <<Հանրապետական>> եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն խմբակցութիւնները:

<<Բարգաւաճ Հայաստան>>ը քուէարկութեան չմասնակցեցաւ, <<Օրինաց երկիր>>ը քուէարկեց ձեռնպահ, իսկ Հայ Ազգային Կոնգ-րեսը՝ դէմ:

Կառավարութեան ծրագիրի քն-նարկման ընթացքին ելոյթ ունեցաւ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, <<Դաշնակցութիւն>> խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան, որուն խօսքը կը հրատարակենք անջատաբար։

 



comments