Հայաստանի եւ Արցախի Արտաքին Գործոց նախարարները քննարկեցին Ղարաբաղի տագնապին առնչուող հարցեր

By Aztag | Monday, 24 October 2016

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան հանդիպում ունեցած է Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանին հետ: Հայաստանի եւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւններուն  ղեկավարները Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած վեհաժողովներուն ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու պարունակին մէջ քննարկեցին ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթին առնչուող հարցեր:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին շրջանային զարգացումներուն շուրջ:

Էդուարդ Նալբանդեանն ու Կարէն Միրզոյեանը անդրադարձան իրենց ղեկավարած նախարարութիւններուն փոխադարձ գործակցութեան հարցերուն:


comments