Մենք պէտք է գնանք խելացի սպառազինման ճանապարհով - Վիգէն Սարգսեան

By Asbarez | Tuesday, 25 October 2016

1025vicken Sargsian

ԵՐԵՒԱՆ - <<Արմէնիա>> պատկերասփիւռի կայանէն ուղղակի սփռումով տուած հարցազրոյցին ընթացքին, անդրադառնալով ատրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ ներթափանցման փոր-ձերուն՝ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան ըսած է. <<Մեր պաշտպանութեան ամբողջ գաղափարախօսութիւնը կառուցուած է այդպիսի դիւերսիոն  փորձերի պարբերականութեան եւ հնարաւոր կրկ-նութեան կանխավարկածի վրայ: Մենք գիտենք, որ ադրբեջանական կողմն ունի շատ յստակ եւ բացայայտ արտայայտուող ագրեսիւ վերաբերմունք եւ պարբերաբար շեշտում է ռազմական միջոցով խնդիրը լուծելու իր ցանկութեան եւ պատրաստակամութեան մասին>>: Ան աւելցուցած է, որ հայկական կողմի մարտական հերթապահութիւնը կը կազմակերպուի այդ տրամադրութեան արձագանգելու:

Ան մէջբերած է  նաեւ Իսրայէլի վարչապետներէն մէկուն խօսքը. <<Նման փորձերը շարունակուելու են այնքան ժամանակ, մինչեւ նրանք իրենց զաւակներին սկսեն սիրել աւելի շատ, քան ատում են մեր զաւակներին>>՝  կարեւոր նկատելով այն, որ զինուորները ունին բարձր մարտական  պատրաստուածութիւն, հանգիստ  կերպով կը լուծեն  իրենց խնդիրը եւ հարկ եղած պարագային արժանի պատիժը կու տան։

Ըստ նախարարին՝ Հայաստանի զինուած ուժերը եւ պաշտպանութեան բանակը ամէնէն ուժեղ ու կայացած պետական կառոյցներն են:  Նախարարը նաեւ առանձնացուցած է երեք կարեւոր խնդիր՝ խելացի սպառազինումը, փտածութեան դրսեւորումներու վերացումը եւ հասարակութեան մէջ սպայի կերպարի արժեւորումը:

<<Մեզ պարտադրում են սպառազինութիւնների մրցավազք, մենք պէտք է կարողանանք քայլ առաջ անել եւ պատրաստուել ոչ թէ երէկուայ, այլ վաղուայ պատերազմին: Այդ ճանապարհին մենք պէտք է շատ սթափ գնահատենք, թէ որն է մեր կարիքը, ինչ ունենք մեր զինանոցներում եւ ինչ պէտք է աւելացնել, որ այդ պայքարը նուազագոյն միջոցներով, առաւելագոյն արդիւնք տայ>>, ըսած է ան:

Նախարարին համաձայն՝ մենք պէտք է ամէն ինչի դիմաց նոյն տիպի զինատեսակ ունենալու գայթակղութեան վերանայենք եւ քալենք խելացի սպառազինման ուղիով:

 



comments