Նախագահ Սարգսեան հանդիպում ունեցած է Սուրիահայութեան ներկայացուցիչներուն հետ

By Asbarez | Friday, 28 October 2016

1028serj souryahay

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Հայաստանի նախագահ Սերժ Սար-գսեան 27 Հոկտեմբերին հանդիպում ունեցած է սուրիահայութեան ու հայկական շարք մը կառոյցներու ներկայացուցիչներուն, համայնքային խնդիրներով զբաղող բարերարներու եւ պատասխանատուներու հետ:

Հանրապետութեան նախագահը նշած է, որ հանդիպման մասնակիցները հրաւիրած է քննարկելու աջակցութեան նոր գաղափարներ, նոր ծրագիրներ, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ բնակող մեր հայրենակիցներէն անմիջականօրէն տեղեկանալու վերջին զարգացումներուն եւ առկայ իրավիճակին, այդ իրավիճակին մէջ գտնուող գաղութի ներկայի կարիքներուն մասին, միտքեր փոխանակելու նաեւ Հայաստան հաստատուած եւ ներգաղթող սուրիահայերուն աջակցելու ծրագիրներուն վերաբերեալ:

<<Ցաւօք, արդէն տեւական ժամանակ է, որ Սիրիան եւ, յատկապէս, Հալէպը դուրս չեն գալիս միջազգային լրահոսից՝ այնտեղ տեղի ունեցող ողբերգական իրադարձութիւնների պատճառով: Մեզ համար, նկատի ունեմ հայերիս, Սիրիան, Հալէպը սոսկ ծանօթ անուններ չեն, ինչպէս շատ-շատերի համար, այլ երկիր, բնակավայր, որտեղ ապրում են մեր հայրենակիցները: Եւ հէնց այդ պատճառով է, որ մինչ այսօր Հալէպում գործում է մեր գլխաւոր հիւպատոսութիւնը, այն դէպքում, երբ բոլոր երկրների դիւանագիտական ներկայացուցիչները վաղուց լքել են Հալէպը:

Միանշանակ կարող եմ ասել, որ մեր մօտեցումը եղել է եւ այսօր էլ մնում է հետեւեալը՝ իւրաքանչիւր սիրիահայ իրաւունք ունի Հայաստան գալու, աւելին, եթէ նա այնուամենայնիւ լքում է Սիրիան, ցանկալի է, որ գայ Հայաստան: Մենք պատրաստ ենք անել հնարաւորը, որպէսզի գոնէ նուազագոյն պայմաններ ստեղծենք, որ ժամանակի ընթացքում այդ մարդիկ կարողանան ինտեգրուել մեր հասարակութեանը եւ արդէն իրենք կարողանան լուծել իրենց խնդիրները>>, ըսած է նախագահը:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Բերիոյ թեմի առաջնորդ   Շահան արքեպիսկոպոս Սարգիսեան եւ հանդիպման միւս մասնակիցները նախագահին հետ կիսած են Սուրիոյ մէջ շարունակուող պատերազմական իրադարձութիւններուն պատճառով ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ իրենց մտահոգութիւնները, սուրիահայ գաղութին միասնական ուժերով սատար կանգնելու նախաձեռնութիւնները եւ շնորհակալութիւն յայտնած Հայաստանի Հանրապետութեան, ինչպէս նաեւ հայկական կառոյցներուն եւ հայրենակիցներուն՝ տարիներ շարունակ տարբեր միջոցներով եւ հետեւողականօրէն ցուցաբերուող սրտացաւ ու հոգատար վերաբերմունքի եւ աջակցութեան համար:

 



comments