Վարչապետը յորդորած է հրաժարիլ ձեւականութիւններէ

By Asbarez | Friday, 28 October 2016

 

1027Garen

ԵՐԵՒԱՆ, <<Փանորամա>> - <<Մենք պէտք է ցոյց տանք մեր քաղաքացուն, որ աշխատում ենք իր պահանջով, իր սպասելիքներով, իրեն բաւարարելու առումով>>, յայտարարած է վարչապետ Կարէն Կարապետեան  կառավարութեան ծրագիրի իրականացման միջոցառումներու եւ գերակայ խնդիրներու վերաբերեալ խորհրդակցութեան ժամանակ:

Կառավարութեան ղեկավարը Հայաստանի նախարարներու, մարզպետներու, կառավարութեան առընթեր մարմիններու ղեկավարներու եւ կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար անձնակազմի մասնակցութեամբ կայացած խոր-հրդակցութեան ժամանակ նշած է, որ ծրագիրի իրականացման նպատակով անհրաժեշտ է յստակեցնել նախաձեռնութիւններն ու կատարուելիքները, որոնք ձեւակերպուած են համապատասխան յանձնարարականներով:

Վարչապետը յանձնարարած է նաեւ իր աշխատակազմին՝ հասարակութեան տրամադրել բոլոր պատասխանատուներուն ցանկը, ըստ ոլորտներու, ինչպէս նաեւ անոնց հետ կապ հաստատելու տուեալները՝ իրեն հետ կապ ապահովելու համար:

Կառավարութեան ղեկավարը կարեւոր նկատած է հասարակութեան հետ յետադարձ կապը եւ ամէնօրեայ աշխատանքը:

Ամփոփելով խորհրդակցութիւնը՝ վարչապետը նշած է, որ յառաջիկային պիտի կազմակերպուին լսարաններ՝ նախարարութիւններուն եւ գերատեսչութիւններուն, մարզպետարաններու ներկայացուցած ծրագիրներուն վերաբերեալ:

<<Մենք յստակ, իւրաքանչիւրս իր տեղում պէտք է հասկանայ՝ ինչ ակնկալիք ունի մօտ ժամանակ, ինչ հորիզոն ունի միջնաժամկէտում եւ ինչ երկարաժամկէտ երազանք յետագայի համար, ում միջոցով է դա անելու եւ ինչպէս>>, ըսած է ան։

Կարէն Կարապետեան շեշտած է, որ կառավարութեան կարճաժամկէտ ծրագիրի իրողական կատարման համար կը պահանջուի անմնացորդ ու արդիւնաւէտ աշխատանք եւ յորդորած է հրաժարիլ ձեւականութիւններէ, աշխատիլ ըստ էութեան եւ բովանդակալից կերպով:

 

comments