Նախագահ Սահակեան ընդունած է Ապրիլեան պատերազմին զոհուած Սիսիանցիներու հարազատները

By Asbarez | Friday, 28 October 2016

029sisian

ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>> - Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան 28 Հոկտեմբերին ընդունած է ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին զոհուած Սիսիանի ջոկատի ազատամարտիկներու հարազատները:

Նախագահ Սահակեան ընդգծած է, որ հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուած բոլոր նուիրեալներուն յիշատակը միշտ վառ պիտի մնայ մեր ժողովուրդի յիշողութեան մէջ՝ անոնց հերոսութիւնն ու սխրանքը համարելով հայրենասիրութեան ու անձնուիրութեան լաւագոյն օրինակներէն:

 


comments