Քննարկուած են Սիւնիքի տարածքներու զարգացման եւ հարուստ կենսաբազմազանութեան պահպանութեան հարցեր

By Asbarez | Wednesday, 02 November 2016

1102ardzvig

ԵՐԵՒԱՆ - Հայաստանի բնապահպանութեան նախարար Ար-ծուիկ Մինասեան ընդունած է գերմանական GITEC կազմակերպութեան՝ Հայաստանի մէջ միջազգային խումբի ղեկավար Ռամազ Կոխելաշվիլին, վերջինիս ազգային տեղակալ Մարտիրոս Նալբանդեանը եւ գերմանական KfW դրամատան հայաստանեան ներկայացուցիչ Զառա Չատինեանը:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են <<Կովկասի պահպանուող տարածքների աջակցութիւն ծրագիր-Հայաստան>> ծրագիրի հիմնական բաղադրիչները: Ծրագիրով նախատեսուած է 8.25 միլիոն եուրօ դրամաշնորհային գումարի ծիրին մէջ Հայաստանի Սիւնիքի մարզին մէջ իրականացնել <<Զանգեզուր>> կենսոլորտային պահպանավայրի կայացման աշխատանքներ: Ծրագիրի հիմնական նպատակն է տարածաշրջանի կենսաբազմազանութեան պահպանութիւնը, պահպանուող տարածքներու կառավարումը, ինչպէս նաեւ վերջիններու յարակից համայնքներու ընկերային-տնտեսական վիճակի բարելաւումը:

Գերմանական GITEC կազմակերպութիւնը կը կատարէ ծրագիրի միջազգային խորհրդատուութեան ծառայութիւն:

Կողմերը քննարկած են ծրագիրով նախատեսուած նախաձեռնութիւններու իրականացման թեքնիք մեքանիզմներու առնչուող հարցեր: Երկուստեք կարեւոր նկատած են տարուելիք աշխատանքներուն միջոցով առաւելագոյն արդիւնքներու ապահովման եւ ծրագիրով նախատեսուած միջոցառումներու նպատակաուղղուածութեան վերաբերող հարցեր: Դիտարկուած են նաեւ ծրագիրի ծիրին մէջ տարածաշրջանային համագործակցութեան կարելիութիւնները:

 


comments